Նախարար Նալպանտեան Ընդունեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն Խորհրդարանական Համագործակցութեան Կոմիտէի Համանախագահը

Հոկտեմբեր 30-ին ՀՀ ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան կոմիտէի համանախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Միլան Ցաբրնոխը, որ Հայաստան  ժամանած է Համագործակցութեան կոմիտէի նիստին մասնակցելու նպատակով: Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն խորհրդարանական համագործակցութեան կոմիտէի հայկական կողմի համանախագահ, ԱԺ պատգամաւոր Սամուէլ Ֆարմանեան:

Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալպանտեան կարեւոր համարեց Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններու յետագայ զարգացումը եւ խորացումը, որուն նշանակալի դերակատարութիւն ունի միջխորհրդարանական փոխգործակցութիւնը:

Հանդիպման քննարկուեցան անցած շաբաթ Եւրոխորհրդարանին մէջ Եւրոպայի հարեւանութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ ընդունուած բանաձեւը: Այս ծիրէն ներս Էդուարդ Նալպանտեան նշեց, որ փաստաթուղթին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի վերաբերեալ ձեւակերպումները կը հակասեն Եւրոպական միութեան պաշտօնական դիրքորոշման, ինչպէս նաեւ հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացքին միջնորդական առաքելութեան միջազգային յանձնարարագիր ունեցող ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու մօտեցումներուն: Նախարարը աւելցուց, որ նմանատիպ ձեւակերպումներու հեղինակները պէտք է գիտակցին, որ պատասխանատուութիւն կը կրեն կարգաւորման գործընթացքին վրայ անոնց հնարաւոր բացասական ազդեցութեան եւ եռանախագահներու` հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման ուղղուած ջանքերը վնասելու համար:

Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ խորհրդարանական մակարդակով փոխգործակցութեան յետագայ ծրագիրներուն եւ իրականացուելիք քայլերուն,- «Հայերն այսօր»-ին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԱԳՄ մամլոյ գրասենեակէն:

Scroll Up