Իտալիոյ Պազիլիքաթա Մարզի զօրակցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Xorhurd.jpg)
27 սեպտեմբեր 2016-ին, ի շառս իտալական այլ քաղաքական կառոյցներու, Իտալիոյ Պազիլիքաթայի Մարզի տարածաշրջանային խորհուրդը միաձայնութեամբ որդեգրեց բանաձեւ մը` հայող հայ ազգի ցեղասպանութեան հարիւրամեակին, որով իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ հայ ազգի բոլոր զաւակներուն։
Ըստ «Հայերն այսօրի»՝ վերոնշեալ բանաձեւը ներկայացուց Պազիլիքաթայ մարզի վարչական խորհուրդի անդամ` Տիար Աուրելիօ Փաչէ, ընդառաջելով Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի խնդրանքին։
Բանաձեւին մէջ կը նշուի թէ այս պատմական իրականութիւնը ճանչցուած է միջազգային բազմաթիւ կազմակերպութիւններու կողմէ ու թէ հարկաւոր է որ հասարակաց կարծիքը ծանօթանայ հայ ազգի պատմական այս եղելութեան որպէսզի պատմութեան սոյն ողբերգութիւնը ըլլայ ազդակ` յատկապէս նոր սերունդին համար, չկրկնելու համար նման անմարդկային ոճիրներ։
Նշենք թէ Իտալիոյ Պազիլիքաթա Մարզը կը հանդիսանայ 105-րդ իտալական քաղաքական վարչութիւնը որ ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ Ընդհանուր ցանկը կարելի է գտնել http://www.comunitaarmena.it/i l-genocidio-armeno/italia-rico rda/ հասցէին վրայ