Սերպիոյ Ազգային Ժողովի Նախագահը Այցելեց Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր
Պաշտօնական այցով Հայաստան այցելած Սերպիոյ Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Մայա Կոյքովիչի գլխաւորած պատուիրակութիւնը ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովի ուղեկցութեամբ, այսօր` Փետրուար 8-ին, այցելած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
ՀՀ ԱԺ-էն կը յայտնեն, որ պատուիրակութեան անդամները ծաղկեպսակ դրած են 1915 թուականի Մեծ Եղեռնի յուշահամալիրին, ծաղիկներ խոնարհած անմեղ զոհերու յիշատակը յաւերժացնող անմար կրակին մօտ, խոնարհումով եւ լռութեամբ յարգած սուրբ նահատակներուն յիշատակը:
Սերպ խորհրդարանականները եղած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Ցեղասպանութեան մասին պատմող նիւթերուն եւ լուսանկարներուն:
Սերպիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Մայա Կոյքովիչ գրառում կատարած է յուշամատեանին մէջ: