Չորս երկիրներու նախագահները Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ.լուսանկարներ
Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով Ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութիւն ժամանած Ռուսաստանի Դաշնութեան, Ֆրանսայի, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի նախագահները այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան:
Չորս երկիրներու` Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Սերպիոյ եւ Կիպրոսի առաջնորդները շրջայց կատարեցին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ, ծանօթացան նոր մշտական ցուցադրութեան:
Չորս նախագահները շրջայցի աւարտին գրառում կատարեցին Պատուաւոր հիւրերու մատեանին մէջ:
Նախագահները մեծ տպաւորութիւն ստացած էին նորաբաց թանգարանային ցուցադրութենէն: Յիշեցնենք, որ նոր թանգարանի ցուցադրական տարածքը ընդարձակուած է երկուքուկէս անգամ` կազմելով 2400 քառակուսի մեթր. Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կիրառուած են համաշխարհային թանգարանային կիրարման մէջ լայն տարածում գտած նոր տեխնոլոկիաներ, նախագծային մօտեցումներ ու լուծումներ: Թանգարանային ցուցադրութեան բովանդակային լուծումները, գրուած նիւթերն ու բացատրագրերը հիմնուած են ցեղասպանագիտութեան ոլորտին մէջ վերջին տարիներու գիտական ու մեթոտական մշակումներուն վրայ: Ատոնք երեք լեզուներով հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն կազմուած են Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի գիտական անձնակազմի մանրակրկիտ ու համալիր աշխատանքի շնորհիւ: Աշխատանքներուն խորհրդատուական աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովի կողմէ ձեւաւորուած թանգարանային փորձագիտական խումբը:
Թանգարանային մշտական ցուցադրութեան մէջ ամփոփուած են վերջին 7-8 տարիներու հաւաքչական աշխատանքի արդիւնքով ձեռք բերուած հազարաւոր նորայայտ նիւթերը: Ատոնց մէկ մասը ներկայացուած է տպագիր, ինչպէս նաեւ հպումով աշխատող պաստառներու տեսքով: Ներկայացուած են նաեւ բնօրինակ եւ եզակի լուսանկարներ, գիրքեր, փաստաթուղթեր եւ այլն: Թանգարանային նոր ցուցադրական տարածքը ունի տասներկու սրահներ, նախկին երեք սրահներու փոխարէն:
Ցուցադրութիւնը բաղկացած է յիսուներկու հիմնական խորագիրներէ: