«Հայաստա՛ն, Յաւերժական Իմ Սէ՛ր». Լուսանկարներու Ցուցահանդէս ՌԴ Ասթրախան Եւ Վոլկոկրատ Քաղաքներուն ՄԷջ

ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ «Արմէնփրէս» հայկական լրատուական գործակալութեան ջանքերով Սեպտեմբեր 24-28 ՌԴ Ասթրախան եւ Վոլկոկրատ քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած է լուսանկարներու ցուցահանդէս` «Հայաստա՛ն, յաւերժական իմ սէ՛ր» վերտառութեամբ` նուիրուած ՀՀ եւ ԼՂՀ անկախութեան 25-ամեայ յոբելեաններուն: «Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` ցուցահանդէսը, որ բաղկացած է 6 թեմատիկ բաժիններէ, տեղեկատվութիւն կը տրամադրէ Հայաստանի Հանրապետութեան ձեռքբերուﬓերուն մասին ինչպէս արտաքին քաղաքականութեան, այնպէս ալ տնտեսութեան, գիտութեան, մշակոյթի, ճարտարապետութեան, մարզանքի եւ զբօսաշրջութեան բնագաւառներուն մէջ: Նախագիծի իրականացման գործին մէջ մեծ ներդրում ունին մեր գործընկերները` «Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութիւնը (տնօրէն Արամ Անանեան), ՌՀՄ Ասթրախանի (ղեկավար` Ազատ Կարապետեան) եւ Վոլկոկրատի (ղեկավար` Արթուր Մարտիրոսեան) տարածաշրջանային բաժանմունքները:
Ցուցադրութիւնը մեկնարկած է Սեպտեմբեր 24-ին Ասթրախանի Երկրագիտական թանգարանի սրահին մէջ: Այցելուները, որոնց մէջ էին Ասթրախան քաղաքի եւ երկրամասի պետական պաշտօնեաներ, գիտնականներ, անուանի արուեստագէտներ, հայկական համայնքի անդամներ, մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին «Անկախութեան նուաճումներ» տեսաֆիլմը, լսեցին պատմաբան Հայկ Յակոբեանի ելոյթը, այնուհետեւ, անցնելով սրահէ սրահ, ծանօթացան «Անկախութիւնը` բարձրագոյն արժէք», «Դժուարին յաղթանակ», «Ազգային հերոսները», «Կը յիշենք եւ կը պահանջենք», «Յոյսի Հայաստան», «Հաւատքի Հայաստան. ուխտագնացութիւն առաջին քրիստոնեայ երկիր» խորագիրներով ներկայացուած շուրջ 90 լուսանկարներուն:
Ներկաները ջերմ ծափողջոյններով ընդունեցին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեանի ողջոյնի նամակը, որ ընթերցուեցաւ հայերէն եւ ռուսերէն: Սեպտեմբեր 27-28-ին ցուցահանդէսը տեղափոխուած է Վոլկոկրատ, ուր նոյնպէս ջերմ հաւանութեան արժանացած է: 2016 թ. Հոկտեմբերին կը նախատեսուի համանման ցուցադրութիւն կազմակերպել նաեւ Գրասնոտարի մէջ: