Հայաստանի Անկախութեան 25ամեակը Նշուեցաւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան Վարժարանէն Ներս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/10/0000AGBU-MD-25th2.jpg)
Սեպտեմբեր 20ի առաւօտեան դպրոցը հագած էր «հայկական տարազ»: Ամէն տեղ ազգային Եռագոյնն էր, շնորհիւ «Հայ Ոգի» յանձնախումբի տիկիններուն:
Խանդավառ երաժշտութեան տակ, երկրորդականի աշակերտութիւնը անցաւ իր առօրեայ ժամանակացոյցին, իսկ նախակրթարանը դպրոցի հանդիսասրահին մէջ իրականացուց օրուան պատշաճ ճոխ յայտագիր մը՝ արտասանութիւններով, երգերով, տեսանիւթի ցուցադրութեամբ եւ խօսքով: Ուսուցչուհի Արուս Անդրէասեանի ջանքերուն շնորհիւ, մեր աշակերտները խանդավառութեամբ երգեցին ազգային, հայրենասիրական երգեր՝ յուզելով բոլորը: Նախակրթարանի հայերէնի ուսուցչուհիները եւս իրնեց ներդրումը բերին օրուան պատշաճ յայտագիրին: Աւարտին, «Հայ Ոգի» յանձնախումբէն Ասլին Դուրեան, Քրիսթինա Մանսուրեան եւ Ֆիմի Հատտատեան իրենց սրտի խօքը ուղղեցին նախակրթարանի աշակերտներուն՝ շեշտելով հայ դպրոցին կարեւոր դերը իրենց կեանքին մէջ:
Զբօսանքին, յանձնախումբի անդամները հայկական հատիկով հիւրասիրեցին բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները:
Ժամը 11:30-12:30 տեղի ունեցաւ 9-12րդ դասարանի հաւաքը՝ հանդիսասրահին մէջ: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր վարժարանիս թուաբանութեան ուսուցչուհի Արմինէ Աւետեան, որ այս ամառ այցելած էր Հայաստանն ու Արցախը: Ան մատչելի լեզուով աշակերտութեան փոխանցեց իր տպաւորութիւնները՝ պատմելով Հայաստանի պատմական արժէքին ու ներկայի յաջողութիւններուն մասին: Ան կեդրոնացաւ Գեղարդի եւ Տաթեւի վանքերուն վրայ՝ հիացում յայտնելով անոնց ճարտարապետութեան ու անցեալին նկատմամաբ: Աւետեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի այսօրուան խնդիրներուն մասին եւ յորդորեց իւրաքանչիւրը, որ անպայման այցելէ Հայաստան:
5րդ դասարանէն Լիլիա Անտոնեան մեներգեց «Հպարտ գնացէք»ը՝ արժանանալով բուռն ծափահարութեան: Ուսուցչուհի Անն-Մարի Չաղլասեանի նկարչութեան դասարանը ներկայացուց 25ամեակին նուիրուած իր գործերը, ապա, դպրոցի պարախումբի աղջիկները ներկայացուցին հայկական ազգագրական պար մը (պարուսոյց՝ Անայիս Աւանէսեան):
11րդ դասարանը անցեալ ամրան գացած էր Հայաստան: Անոնք իրենց տպաւորութիւնները կիսեցին հայերէնով եւ անգլերէնով, որմէ ետք աշակերտութիւնը մեծ գոհունակութեամբ դիտեց այցելութենէն լուսանկարներ եւ տեսանիւթեր:
Գրեթէ նոյն յայտագիրը կրկնուեցաւ ժամը 1:45ին, 4-8րդ դասարաններու աշակերտութեան համար: Ընթացքին ելոյթ ունեցաւ նաեւ 7րդ դասարանի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Քրիսթինա Խոջոյեանի:
Օրուան աւարտին տեղի ունեցաւ նախակրթարանի աշակերտներուն յատուկ խրախճանքը՝ պատրաստուած դասարանի ծնողներուն եւ դաստիարակ ուսուցչուհիներուն կողմէ եւ նուիրուած Հայաստանի անկախութեան տարեդարձին:
Հայաստանի անկախութեան 25ամեակը նշուեցաւ նաեւ Ծաղկոցի փոքրիկներուն կողմէ: Անոնց բակին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը՝ մասնակցութեամբ բոլոր աշակերտներուն: Յայտագիրը սկսաւ աղօքթով, ամերիկեան եւ հայկական ուխտերով: Ուսուցչուհի Անի Պատաքեան խօսեցաւ հայերու եւ Հայաստանի մասին, ապա փոքրիկ աշակերտները երգեցին Հայաստանի եւ ՀԲԸՄի քայլերգները, ինչպէս նաեւ աշնան նուիրուած երգ մը՝ Մարինէ Քէլեանի գլխաւորութեամբ: Նաեւ, ներկայացուեցաւ շուրջպար մը, որմէ ետք աշակերտները մասնակցեցան հայկական դաշտահանդէսի մը՝ համտեսելով հայկական սննդառատ նախաճաշ:
Կէսօրէն ետք, Ծաղկոցի բոլոր աշակերտները հաւաքուեցան բակը, բռնած իրենց իսկ ներկած եւ պատրաստած հայկական դրօշակները: Ուսուցչուհիներուն գլխաւորութեամբ, անոնք երթ կազմակերպեցին դէպի նախակրթարանի շէնքերը՝ վանկարկելով «Հայաստան» եւ պարզելով հայկական Եռագոյնը:
Տօնական էր դպրոցը. ուրախ, յաղթական եւ գեղեցիկ:
Նշենք, որ Սեպտեմբեր 23ի երեկոյեան, դպրոցի շրջափակը տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած անկախութեան ճաշկերոյթ-խրախճանքը՝ կազմակերպութեամբ ծնողաուսուչական մարմինին, հանդիսանալով Հայաստանի 25ամեակին նուիրուած վարժարանի եզրափակիչ հանդիսութիւնը։
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)