Հայաստանի Երկրորդ Անկախութեան 25 Ամեակի Նուիրուած Ցուցահանդէս
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/1-exhibition.png)
2016 թուականը կը նշէ Հայաստանի երկրորդ անկախութեան 25 ամեակը:
Այս առիթով Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Աւստրալիոյ շրջանային վարչութիւնը, հովանաւորութեամբ թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Գերշ. Տ. Հայկազուն Եպս. Նաճարեանի կազմակերպած է լուսանկարչական իւրայատուկ ցուցահանդէս մը ներկայացնելու Աւստրալահայ արուեստագէտ Ճէյքոպ Մաճարեանի 25 տարիներու ընթացքին Հայրենիքի տարածքին նկարած լուսանկարներու հաւաքածոն:
Ցուցահանդէսի բացման հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ 9 Սեպտեմբեր 2016ին Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս եւ ցուցահանդէսը բաց պիտի ըլլայ Շաբաթ 10 եւ Կիրակի 11 Սեպտեմբեր 2016ին կէսօրուայ ժամը 12:00էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
Աղբիւր՝ armenia.com.au