ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան Նախաձեռնութեամբ Կնքուեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիր

Սեպտեմբեր 26-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ՀՀ ԳԱԱ հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքը` ի դէմս  ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեանի` մէկ կողմէն, եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը` ի դէմս նախագահ Վերապատուելի Դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի` միւս կողմէն, կնքեցին համագործակցութեան յուշագիր:

Կարեւոր համարելով այն հանգամանքը, որ յուշագիրի կնքումը նոր մեծ լիցք կը հաղորդէ եղած գործակցութեան ու տարուող աշխատանքներուն` կողմերը պայմանաւորուեցան իրականացնել համատեղ հետազօտութիւններ եւ ուսումնասիրութիւններ, կազմակերպել համատեղ գիտաժողովներ եւ սեմինարներ, առցանց կլոր սեղաններ, մշակել եւ իրականացնել համատեղ կրթական ծրագիրներ, մասնագէտներու փոխանակում եւ այլն:

Շնորհաւորելով կողմերը համագործակցութեան նոր ձեւաչափով հայագիտութեան պահպանութեան ուղղուած աշխատանքներու մեկնարկին առթիւ` ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան վստահութիւն յայտնեց, որ յուշագիրի կնքումը պիտի նպաստէ Հայաստան-Սփիւռք գիտական եւ կրթական կապերու ամրապնդման, ժամանակակից հայկական Սփիւռքի խնդիրներու գիտական ուսումնասիրութեան, սփիւռքագիտութեան ոլորտին մէջ երիտասարդ անձնակազմի պատրաստման, վերապատրաստման, մասնագիտական կատարելագործման, փորձի փոխանակման:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատարը բարձր գնահատեց Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ Փոլ Հայտոսթեանի դերը` Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ծառայութիւններ մատուցելուն, մատաղ սերունդին, երիտասարդութեան ուսուցման եւ հայեցի դաստիարակութեան գործին մէջ ձեռք բերած յաջողութիւններուն, մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելուն, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան նպաստելու գործին:

Նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Ոսկէ մետալով պարգեւատրեց Փոլ Հայտոսթեանը` համոզմունք յայտնելով, որ Հայկազեան համալսարանի նախագահը իր ճկուն եւ հեռատես քաղաքականութեամբ կը շարունակէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ մշակոյթներու խառնարան համարուող Լիբանանի մէջ բարձր պահել հայ գիտութեան, կրթութեան եւ մշակոյթի մտքի համբաւը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ ՀՀ ԳԱԱ Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի ակադեմիկոս-քարտուղար Եուրի Սուվարեան: Ան բարձր գնահատեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աւանդը հայաստանեան եւ Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններու միջեւ կապերու ամրապնդման եւ սերտացման գործին մէջ:

Շնորհակալական խօսքով հանդէս եկաւ Փոլ Հայտոսթեան: «Ինծի համար միշտ ոգեւորիչ է տեսնել Սփիւռքի նախարարութեան աշխոյժ գործունէութիւնը, որուն արդիւնքներէն մէկն ալ այս յուշագիրի ստորագրումն է, – նշեց ան` աւելցնելով, – շնորհակալ եմ նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւին արժանացնելուն համար: Հայկազեան համալսարանի առաքելութիւնները բազմաթիւ են, բայց անոնցմէ գլխաւորը կը համարեմ հայապահպանութիւնը: Արդէն իսկ ծրագիրներ ունինք  ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական ինստիտուտներու հետ համագործակցաբար կազմակերպել հայագիտութեան զարգացման խթանող գիտաժողովներ, կ’ընդլայնենք փորձի փոխանակման եւ անձնակազմի պատրաստման, վերապատրաստման նոր հնարաւորութիւնները»:

Ելոյթ ունեցան ՀՀ ԳԱԱ Գրականութեան, Արուեստի եւ Արեւելագիտութեան ինստիտուտներու տնօրէններ  Վարդան Տեւրիկեան, Արարատ Աղասեան եւ Ռուբէն Սաֆրաստեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն Անդրանիկ Տաքէսեան` ընդգծելով նման նախաձեռնութիւններու կարեւորութիւնը հայագիտութեան զարգացման գործին մէջ:

12 34 5

Scroll Up