ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան ՄԷջ Տեղի Ունեցաւ Ճարտարապետներու Եւ Ճարտարագէտներու Համահայկական Ընկերակցութեան (ՃՃՀԱ) ներկայացուցչութիւններու 3-րդ Հանդիպումը

Սեպտեմբեր 23-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ, նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեանի մասնակցութեամբ, տեղի ունեցաւ Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան 3-րդ հանդիպումը, որ կը վարէր ընկերակցութեան համանախագահ Գոհար Թութունճեան: Հեռակապի միջոցով հանդիպման կը մասնակցէին ընկերակցութեան Եգիպտոսի, Քաթարի, Թուրքիոյ մասնաճիւղերու պատասխանատուները:

Հանդիպման օրակարգին մէջ էր Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան եւ Շուշիի արուեստագիտութեան համալսարանի միջեւ համագործակցութեան յուշագիրի ստորագրումը, հանդիպման մասնակից մասնաճիւղերու համակարգողներու տեղեկատուութիւնը` իրականացուած աշխատանքներուն մասին, ՃՃՀ ընկերակցութեան նոր լոկոյի ներկայացումը եւ ընթացիկ այլ հարցեր:

Նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ողջունելով հանդիպման մասնակիցները` շնորհաւորեց ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին առթիւ եւ ներկայացուց 25 տարիներու կարեւոր ձեռքբերումները: Ան նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան գործունէութեան վերաբերեալ, որ 12 երկիրներու մէջ ունի իր մասնաճիւղերը եւ ընդգրկուն աշխատանք կը տանի սփիւռքահայ ճարտարապետներու ներուժը ի նպաստ Հայրենիքի զարգացման օգտագործելուն: Հրանոյշ Յակոբեան ջերմօրէն ողջունեց Շուշիի արուեստագիտութեան համալսարանի ղեկավարի տեղակալ, անուանի շախմատիստ Ռաֆայէլ Վահանեանը, որուն ղեկավարած ուսումնական հաստատութեան հետ ընկերակցութիւնը պիտի իրականացնէ համատեղ աշխատանքներ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով Հրանոյշ Յակոբեանին հիւրընկալութեան եւ իրենց աշխատանքներուն աջակցելու համար` Գոհար Թութունճեան  ներկայացուց  Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութեան եւ Շուշիի արուեստագիտութեան համալսարանին միջեւ ստորագրուող համաձայնութեան յուշագիրը, որուն նպատակն է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի մէջ մասնագիտական ներուժի համախմբումը եւ ատոր արդիւնաւէտ օգտագործումը, մասնագիտական անձնակազմի պատրաստումը, փորձի, տեղեկատուութեան փոխանակումը, համատեղ հետազօտական, քարոզչական եւ այլ կարեւոր աշխատանքներու իրականացումը:

Յուշագիրի ստորագրումէն յետոյ իրենց կատարած աշխատանքները ներկայացուց ՃՃՀԱ գործադիր տնօրէն Արփինէ Դանիէլեան` տեղեկացնելով, որ արդէն իսկ ստեղծուած է բաւականին հարուստ տեղեկատուական հիմք, որ աստիճանաբար կ’ընդլայնուի մասնաճիւղերուն կողմէ: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ յառաջիկային համագործակցութեան ծրագիրներ կ’իրականցուին Երեւանի ֆրանս-հայկական ինժեներական հիմնարկին  հետ:

Այնուհետեւ, հեռակապի միջոցով իրենց կատարած աշխատանքներուն մասին պատմեցին Եգիպտոսի մասնաճիւղի համակարգող Նայիրի Համբիկեան,  Թուրքիոյ մասնաճիւղի համակարգող Ժան Կաւրիլոֆը, ՃՃՀԱ համանախագահ Վահէ Թութունճեան (Քաթար), որոնք չափազանց արժէքաւոր աշխատանքներ կը կատարեն իրենց ապրած երկիրներուն մէջ հայկական ճարտարապետական կոթողներու եւ մշակութային ժառանգութեան այլ  նմուշներու հաւաքագրման եւ ցուցակագրման հարցով:

Հանդիպման աւարտին ներկայացուեցաւ գեղանկարիչ Գաբրիէլ Մանուկեանի (Գաբօ) էսքիզով պատրաստուած Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութիւնը խորհրդանշող լոկոն, որուն մեծածաւալ օրինակները նուիրուեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան եւ Շուշիի արուեստագիտութեան համալսարանին:

ճարտարապետ1ճարտարապետ2

Scroll Up