«Պէտք Է Նոր Շունչ Հաղորդենք Հոգեւոր Երաժշտութեան». Պոլսահայ Երաժիշտներ
Սեպտեմբեր 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ վոկալ երաժշտութեան երեկոյ էր: ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած երեկոյին ընթացքին ելոյթ ունեցան պոլսահայ երգիչ, պարիթոն Արթիւր Պաղտասարեան եւ երգեհոնահար Էտվին սրկ. Կալիպեան: Երաժիշտները միասին առաջին անգամ կը մասնակցէին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին:
Արթիւր Պաղտասարեան.
-Մենք երկուքով երկրորդ անգամ համերգ կ’ունենանք Հայաստանի մէջ: Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ անցեալ տարի, երբ «Գագիկ Ծառուկեան» բարեգործական հիմնադրամին կողմէ հրաւէր ստացանք Աբովեանի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունենալու, ուր ներկայացուցինք հոգեւոր երգեր:
Ես եւ երգեհոնահար Էտվին սրկ. Կալիպեան միասին առաջին անգամ կը մասնակցինք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Ես երկու տարի առաջ մասնակցած եմ` մեներգած տուտուկի փառատօնին, այցելած եմ Գաւառ քաղաքի երաժշտական դպրոցը: Շատ ուրախ էի, որ մաս կը կազմէի այդ փառատօնին: Գովելի է, որ կայ նման համահայկական նախագիծ, որ կը միաւորէ մեզի, եւ մշակութային կապ կը ստեղծէ Սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջեւ: Ապագային ցանկութիւն ունինք հոգեւոր ծրագիրը ներկայացնել աշխարհի տարբեր հայկական համայնքներու մէջ, որպէսզի իրենք ալ լսեն եւ գիտնան, որ հոգեւոր երաժշտութիւնը միայն եկեղեցւոյ մէջ չի հնչեր: Նպատակ ունինք նաեւ աշխարհին ներակայացնել, թէ ինչ է հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը: Մեր երգացանկին մէջ ընդգրկուած են նաեւ ժամանակակից հոգեւոր երաժշտութեան տեսակներ: Յոյս ունինք, որ ապագային ալ կ’այցելենք Հայաստան, բայց այս անգամ արդէն` ելոյթ կ’ունենանք սիմֆոնիկ նուագախումբի նուագակցութեամբ:
Էտվին սրկ. Կալիպեան
– «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին ներկայացանք հոգեւոր երաժշտութեամբ: Ներկայացուցինք նաեւ երաժիշտ Էտկար Մանասի աշխատանքներէն, որ երկար ժամանակ ուսումնասիրած է Ռիխարդ Վակների ստեղծագործութիւնները: Եթէ փորձէք լսել Էտկար Մանաս, Ձեզի կը թուի, թէ Վակներ կը լսէք: Մանաս նաեւ բազմաթիւ հոգեւոր գործեր ունի: Ան մեծ երգահան է, բայց մեր օրերուն, դժբախտաբար, իր ստեղծագործութիւնները ուսումնասիրող մասնագէտ չկայ: Անոր բոլոր գործերը այսօր կը պահպանուին Եղ. Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: Մեր ծրագիրին մէջ առաջին անգամ չէ, որ կը ներկայացնենք Էտկար Մանասի ստեղծագործութիւնները:
Այս ծրագիրին վրրայ աշխատած ենք մօտ տաս տարի, համերգներ ունեցած ենք շարք մը երկիրներու մէջ: Ես եւ Արթիւրը շատ կարեւոր կը համարենք հոգեւոր երաժշտութիւնը: Բացի Մանասի ստեղծագործութիւններէն, կը ներկայացնենք նաեւ հայ երաժշտահան Արա Միհրանի Պարթեւեանի գործերը: Կը կատարենք նաեւ Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն: Ես կը նուագեմ նաեւ Ալան Յովհաննէսի աշխատանքներէն:
Արթիւրի հետ կը համագործակցիմ շուրջ տաս տարի, եւ այդ ընթացքին մենք աշխատած ենք հոգեւոր երաժշտութեան ուղղութեամբ: Այդ տաս տարիները եղած են պրպտումի տարիներ: Դժուար էր գտնել երգերու նոտաները, կարեւոր էր նաեւ ուսումնասիրել երգահաններու կենսագրութիւնը, որպէսզի կարենայինք ունկնդիրին հաղորդել անոնց մտքերը:
Յոյս ունիմ, որ ապագային ալ պիտի կարենանք միասին աշխատիլ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Հոգեւոր երաժշտութիւնը մեր մշակոյթի հարստութիւններէն է, եւ պէտք է կարենանք զայն կենդանացնել:
Տաթեւ Դաւթեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»