ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
Յարգարժա´ն Հրանոյշ Յակոբեան.
Ռուսաստանի Դաշնութեան Հարաւային եւ Հիւսիսկովկասեան Դաշնային տարածաշրջաններուն մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան եւ անձամբ իմ անունէն կը շնորհաւորեմ Ձեզ, որպէս հիմնադիր եւ առաջին նախարար, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան կազմաւորման 5-րդ տարեդարձին առիթով:
Բարձր կը գնահատեմ Սփիւռքի նախարարութեան այս 5 տարիներուն ընթացքին կատարած աշխատանքը` անձամբ ծանօթ ըլլալով Ռուսաստանի, Պելառուսի, Ուքրանիոյ, Արեւելեան Եւրոպայի այլ երկիրներու մէջ գործող հայ համայնքներէն ներս Ձեր ծաւալած պետականամէտ եւ հայապաշտպան գործունէութեան:
Ուրախութեամբ կրնամ նշել, որ Սփիւռքն ու Հայաստանը իրարու մերձեցնելու ծիրէն ներս անգնահատելի է Նախարարութեան եւ անձամբ Ձեր անմիջական դերը բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման մէջ, որոնք նպաստած են համազգային տարբեր խնդիրներու լուծման, համատեղ աշխատանքը Ռուսաստանի դաշնութեան Հիւսիսային եւ Հարաւային տարածաշրջաններուն մէջ բազում ծրագիրներու
իրականացման գործին մէջ (Սփիւռքահայ երիտասարդներու միջազգային համաժողով, ԱՊՀ երկիրներու հայ համայնքներու հաւաք եւ այլն): Առանձնայատուկ կ’ուզեմ շեշտել Ձեր դերը աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբելու, մայր Հայրենիքի հետ համագործակցութեան համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծելու գործին մէջ:
Կրկին կը շնորհաւորեմ Ձեզ եւ նախարարութեան ողջ անձնակազմը (տեղակալները, աշխատակազմի ղեկավարը)` մաղթելով հայրենանուէր գործունէութիւն, նորանոր յաջողութիւններ` ի բարօրութիւն աշխարհասփիւռ հայութեան եւ ի փառս մեր Հայաստան պետութեան:
Յարգանքով` Դոնի Ռոստովի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս
ԱՐԱՐԱՏ ԳՈՄՑԵԱՆ