ՀՀ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ 5 ՏԱՐԵԿԱՆ Է
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/makeyan290512-300x221.jpg)
Սոչի քաղաքի «Ռուսաստանի հայերու միութիւն» համառուսաստանեան հասարակական կազմակերպութիւնը, ՌՀՄ Սոչիի բաժանմունքի ղեկավարութիւնը կը շնորհաւորէ ՀՀ սփիւռքի նախարար տիկին Հրանոյշ Յակոբեանն ու նախարարութեան ողջ անձնակազմը` 5-ամեայ յոբելեանի առթիւ:
Կը ցանկանք նորանոր վառ նախաձեռնութիւններ եւ նոր նուաճումներ Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման ու զօրացման անգնահատելի գործին մէջ:
Երախտապարտ ենք արդիւնաւէտ եւ արժանապատիւ գործակցութեան համար եւ յոյսով ենք, որ մեր փոխգործակցութիւնը կը շարունակուի դեռ երկար ու երկար` ապագայի համար նոյնպէս ծառայելով ողջ հայ ժողովուրդի միասնութեան ու բարգաւաճման ազնիւ նպատակին, հայոց ազգային մշակութային արժէքներու պահպանման նպատակին:
Յարգանքներով`
Հրաչ Մակէյեան
ՌՀՄ Սոչիի բաժանմունքի նախագահ