Տօնդ Շնորհաւո՛ր, Հայաստա՛ն Աշխարհ. Բալիկ Գալեմքէրեան-Փոփովա

Սեպտեմբեր 21-ին համայն հայութիւնը կը նշէ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձը: Այդ պատմական իրադարձութիւնը մեծ ու պանծալի յոբելեան է ոչ միայն Հայաստանի մէջ ապրող հայերուն համար, այլ նաեւ` աշխարհասփիւռ հայութեան:
«Հայերն այսօր»-ը կը ներկայացնէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի ճանչցուած գործիչներու շնորհաւորական խօսքը տօնին առիթով:
Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան տօնին առիթով կը շնորհաւորեմ հայրենաբնակ ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը, մաղթելով խաղաղութիւն և բարօրութիւն։ Թող որ սուրբ եռագոյնը ընդմիշտ ծածանի ազատ հայրենիքի հողի վրայ, անամպ երկնքի ներքոյ։
Բալիկ Գալեմքէրեան-Փոփովա
օփերայի երգչուհի