Մտորումներ` Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Կապակցութեամբ. ԱՀԱԸ

Սիրելի հայրենակիցնե՛ր,

Սեպտեմբեր 21-ին մենք կը նշենք մեր հայրենիքի անկախութեան 25-ամեակը:Մենք ուրախ եւ հպարտ ենք մեր հայրենիքով: Այն աշխարհով մէկ սփռուած բոլոր հայերու հպարտութիւնն է, հայ ժողովուրդի դարերու ցանկութիւնը, աղօթքներու երազանքը:

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Հայաստանի մասնաճիւղի աշխատակիցներուն եւ կամաւորներուն անունէն կը շնորհաւորեմ բոլորս` մեր անկախութեան կապակցութեամբ: Շնորհաւորանքներուն զուգահեռ` կը հրաւիրեմ մտածել մեր երկրի անկախութեան ընթացքին մասին:

«de jure» անկախութիւնը տեղի կ’ունենայ, երբ  ժողովուրդ մը կը հռչակէ իր անկախութիւնը եւ իր տարածքին վրայ իշխանութիւն  ձեռք կը բերէ:

Սակայն «de facto» անկախութիւնը ձեռք կը բերուի աստիճանաբար, տասնեակ տարիներու ընթացքին, երբ պետութիւնը կը հզօրանայ տնտեսական, ռազմավարական եւ քաղաքական ոլորտներուն մէջ` աստիճանաբար դուրս գալով այլ պետութիւններու ազդեցութենէն:

Սա նման է անհատի անկախութեան: Անչափահաս երեխան կախուած է իր ծնողներէն` թէ «de jure», եւ թէ «de facto»: Երբ երեխան չափահաս կը դառնայ, օրէնքի տեսանկիւնէն անկախ է: Սակայն «de facto» տեսանկիւնէն` ան իր անկախութիւնը աստիճանաբար  ձեռք կը բերէ, տարիներու ընթացքին, երբ ուսում կը ստանայ, աշխատանքով եկամուտ կ’ապահովէ եւ ամենակարեւորը` իր ազնուութեամբ, հասունութեամբ եւ իմաստութեամբ ծնողներուն ու շրջապատին վստահութեան ու յարգանքին կ’արժանանայ:

Հայաստանի մեր ներկայիս պետութիւնը 25 տարեկան է: Սա շատ կարճ ժամանակ է պատմութեան տեսանկիւնէն: Նորակազմ մեր պետութիւնը շատ յառաջընթաց եւ աճ  արձանագրած է անցած 25 տարիներուն ընթացքին, որուն համար մենք Աստուծոյ փառք կու տանք:

Միաժամանակ կը գիտակցինք, որ մեր առջեւ դեռ երկար ճանապարհ կայ` որպէս երկիր զարգանալու, հասունանալու եւ կայանալու համար: Որպէս երկիր եւ պետութիւն զարգանալու եւ կայանալու պարտականութիւնը իւրաքանչիւր քաղաքացիի ուսերուն վրայ է: Պետութիւնը ժողովուրդն է:
երկիրը կը զարգանայ եւ կը բարգաւաճի, երբ իւրաքանչիւր բնակիչ` ըլլայ հասարակ քաղաքացի, թէ բարձր պաշտօնեայ, կը կատարէ իր քաղաքացիական պարտականութիւնները եւ կը ղեկավարուի սիրոյ, ազնուութեան եւ արդարութեան քրիստոնէական սկզբունքներով:

Մեր «de facto» անկախութիւնը մեր ուժեղ եւ կայացած ըլլալուն մէջ է:

Իմ շնորհաւորական խօսքերուն կը ցանկամ աւելցնել հետեւեալ մաղթանքս. թող Աստուած օրհնէ մեր հայրենիքը, որ այն շարունակէ զարգանալ եւ ուժեղանալ` անով ա՛լ աւելի ամրապնդելով իր անկախութիւնը:

ԱՀԱԸ Հայաստան

Յարութ Ներսէսեան

 

Scroll Up