Ազգերու Անտեան Միութեան Խորհրդարանը Ճանչցած Է Հայոց Ցեղասպանութիւնը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Prensa.jpg)
Ազգերու Անտեան միութեան խորհրդարանը, որուն կազմին մէջ ընդգրկուած են Պոլիւիոյ, Քոլումպիոյ, Էքուատորի, Փերոյի եւ Չիլիի ներկայացուցիչները, ճանչցած է 1915-1923 թթ. Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտած է զայն ժխտելու բոլոր փորձերը:
Agencia Prensa Armenia-ն կը յայտնէ, որ Էքուատորի ներկայացուցիչ Փետրօ տէ լա Գրուզի կողմէ ներկայացուած բանաձեւը միաձայն ընդունուած է Մոնթեւիտէոյի մէջ կայացած հանդիպումին:
Փաստաթուղթը կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան «Ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական փաստը` որպէս ճշմարտութեան ու արդարութեան անվերապահ սատարման քայլ»:
Ազգերու Անտեան միութիւնը ստեղծուած է 1969 թ.: Միութեան խորհրդարանը հիմնադրուած է 1979 թ., իսկ առաջին նիստը կայացած է 1984 թ.: