ՀՀ Սփիւռքի Նախարարի Պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Պոլսահայ Համայնքի Ներկայացուցիչները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Naxarar-Maral.jpg)
Սեպտեմբեր 12-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս «Արա եւ Շամիրամ» պարային բեմադրութիւնը ներկայացնելու նպատակով Երեւան ժամանած Պոլսոյ «Մարալ» երգի-պարի միութեան պարախումբի պարագրութեան ղեկավար Լեռնա Փափազեանը, պարագրող եւ պարուսոյց Դալար Քէոսէօղլուն, ընդհանուր համակարգող եւ կազմակերպիչ Սելմա Մելեքեանը եւ «Մարմարա» օրաթերթի փոխմբագրապետ Մաքրուհի Յակոբեանը:
Ջերմօրէն ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան իր հիացումն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց պոլսահայ համայնքին` իրենց ինքնութիւնը պահելու, հայօրէն ապրելու եւ հայ մշակոյթը զարգացնելու համար եւ շեշտեց, որ այդ շնորհակալ գործին մէջ իրենց անուրանալի դերը ունին այսօրուան հիւրերը:
Այնուհետեւ, հիւրերը պատմեցին իրենց ստեղծագործական ծրագիրներուն եւ յատկապէս «Արա գեղեցիկ եւ Շամիրամ» բեմադրութեան մասին, որ հիմնուած է պատմահայր Խորենացիի համանուն առասպելին վրայ եւ հայ ժողովուրդի հերոսական պատմութեան կարեւոր դրուագներէն է:
Ողջունելով «Մարալ» պարային խումբի գեղեցիկ մտայղացումը` նախարարի պաշտօնակատար Հրանոյշ Յակոբեան նշեց, որ պարը հզօր զէնք է ժողովուրդի ոգին ու պատմական յիշողութիւնը պահպանելու գործին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց Սեպտեմբեր 13-ին Յակոբ Պարոնեանի անուան երաժշտական երգիծական պետական թատրոնին մէջ տեղի ունենալիք «Արա Գեղեցիկ եւ Շամիրամ» պարային բեմադրութեան ներկայացումին: