ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Ընդունեց Փորթուկալիոյ ՄԷջ Գործող «Տելալեան Թրիօ» Խումբի Երաժիշտները
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/09/Trio.jpg)
Սեպտեմբեր 6-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց Փոթուկալիոյ մէջ գործող «Տելալեան Թրիօ» խումբի երաժիշտները:
Եռեակը հիմնադրուած է 1995թ. Լիզպոնի մէջ հայ երաժշտահան Յարութիւն Տելալեանի դուստրեր Նարինէ եւ Մարինէ Տելալեաններու, ինչպէս նաեւ ճանչցուած թաւջութակահար Լեւոն Մուրադեանի կողմէ: Նարինէ Տելալեան կը նուագէ Լիզպոնի Ազգային սիմֆոնիկ նուագախումբին մէջ, իսկ Լեւոն Մուրադեան` «Կիւլպէնկեան» սիմֆոնիկ նուագախումբերուն մէջ: Անոնք մշակութային լայնածաւալ գործունէութիւն կ’իրականացնեն նաեւ Հայաստանի մէջ` իրենց իսկ կողմէ երկու տարի առաջ հիմնադրուած «Հայրիկ Մուրադեան» մշակութային կեդրոնի ծիրէն ներս` ազգային երգ ու պար սորվեցնելով Հայաստանի տարբեր շրջաններու մէջ:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը բարձր գնահատեց եռեակի` միջազգային գործունէութիւնը: «Հայ արուեստագէտի անձնագիրը հայ մշակոյթն է: Ուրախ եմ, որ դուք աշխարհի տարբեր հեղինակաւոր բեմերում հնչեցրել էք հայ երաժշտութիւնը, իսկ Փորթուկալիայում այն ճանաչելի ու սիրելի էք դարձրել»:
Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ խումբի` Հայրենիք պարբերական այցելութիւնները, կազմակերպած համերգները եւ շնորհաւորեց երաժիշտները` Հայաստանի եւ Արցախի 25-ամեակին նուիրուած վերջին համերգային շրջագայութեան համար: Ան կոչ ըրաւ համոյթին մասնակցելու ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մշակութային ծրագիրներուն, «Իմ Հայաստան» փառատօնին:
«Ձեր շարքերում է մեր տաղանդաւոր երգիչ Հայրիկ Մուրադեանի որդին` Լեւոնը, ով, համոզուած եմ, իր ներդրումն է բերել թրիոյի կայացման եւ ստեղծագործական վերելքի գործում: Ընդամէնը օրեր առաջ Երեւանի փողոցներից մէկը վերանուանուեց մեր սիրելի Հայրիկ Մուրադեանի անունով», – նշեց նախարարը:
Հաշուի առնելով «Տելալեան Թրիօ»-ի ներդրումը Սփիւռքի մէջ հայ երաժշտութեան տարածման գործին եւ այդ ոլորտին մէջ դրսեւորած ստեղծագործական, կատարողական բարձր վարպետութիւնը` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան համոյթը պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալով:
Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով հանդէս եկան Նարինէ Տելալեան եւ Լեւոն Մուրադեան: Անոնք նշեցին, որ պարգեւատրումը իրենց համար անակնկալ էր ու նաեւ պարտաւորեցնող` այսուհետ առաւել լաւ գործելու, հայ երաժշտութիւնը ներկայացնելու առումով: Երաժիշտները հաւաստիացուցին, որ սիրով պիտի մասնակցին նախարարութեան ծրագիրներուն եւ պիտի ընեն ամէն հնարաւորը` Փորթուկալիոյ մէջ ապրող հայութեան եւ Հայրենիքին միջեւ կամուրջը ամուր պահելու ուղղութեամբ: