Պուխարեստի Հայկական փողոցին մէջ իրականացուած է Ստրատա Արմէնէասկա փառատօնի 3-րդ թողարկումը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2015/08/բուխարեստ-փառատոն.jpg)
Օգոստոս 7-9 Պուխարեստի Հայկական փողոցին մէջ իրականացուեցաւ Ստրատա Արմէնէասկա փառատօնի 3-րդ թողարկումը:
Ըստ NEWS.am-ի` այն կազմակերպած էին Ռումանիոյ Հայոց Միութիւնը եւ Հայ երիտասարդաց կազմակերպութիւնը` Ռումանահայոց թեմի, Ռումանիոյ կառավարութեան միջ-ցեղային յարաբերութիւններու վարչութեան, Պուխարեստի քաղաքապետարանի եւ ARCUB մշակութային կեդրոնի աջակցութեամբ:
Երեք օր շարունակ` վաղ առաւօտէն մինչեւ ուշ գիշեր, Պուխարեստի Հայկական թաղամասին մէջ` Քարտիերուլ Արմէնէսկի մէջ, արդէն ձեւաւորուած աւանդոյթներով ռուման հասարակութեան ներկայացուեցաւ հայկական մշակոյթն ու աւանդոյթները: Ռումանահայոց միութիւնը, ցանկալով վերստեղծել Հայկական փողոցի ժամանակի շունչը, աւանդաբար փառատօնին հրաւիրած էր հարեւան յոյն, հրեայ փոքրամասնութիւններն ու գնչուները:
Փառատօնին հայկական ժողովրդական, ժամանակակից եւ ճազ երաժշտութեան վարպետ կատարումներով հանդէս եկան Հայաստանէն հրաւիրուած Ակն քառեակը` տուտուկահար Էմանուէլ Յովհաննիսեան, երգչուհի Աննա Թովմասեան, Սուսաննա Պետրոսեան եւ Կարէն Մամիկոնեան խումբը: Հայկական պարարուեստը ներկայացուցին Գեռլայի/Արմէնոպոլսոյ Հայաքաղաք եւ Պուխարեստի Վարդավառ պարախումբերը (ղեկավարներ Էրիկա Էստէկար եւ Պելլա Մարտիկեան): Վարակիչ ելոյթներ ունեցան գնչուական Mahala Rai Banda ու Gipsy Casual, յունական Աստերիա/Asteria եւ Քիմաթա/Kymata պարախումբերն ու մենակատար Սիլվանա Արկիրոն/Silvana Argyro, հրէական Klezmer Band խումբը: Առաջին անգամ փառատօնը իր ներկայութեամբ պատուեց եւ հայկական ու պալքանեան երանգներ փայլուն կատարումներով հանդէս եկաւ ռումանահայ հանրաճանաչ ճազ-վարպետ Հարրի Դաւիտեան:
Պուխարեստի երիտասարդական Rampa թատերախումբը հանդէս եկաւ փոքր բեմականացումներով, որոնց մէջ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» վէպի հիման վրայ Արմինէ Ոսկանեանի «Տեղդմնացիրեան»/Staipelochian ներկայացումը: Պուխարեստի «Արարատ» հրատարակչութիւնը փողոցի ամբողջ երկայնքով փռած էր հազարաւոր գիրքեր, որոնք ձեռքէ ձեռք խլուեցան բառացիօրէն վայրկեաններու ընթացքին:
Փառատօնը ընդգրկած էր Հայկական փողոցին յարակից Պուխարեստի հայկական համալիրի ամբողջ տարածքը` Հայկական եկեղեցին եւ Առաջնորդարանը, Տուտեան թանգարանը եւ գրադարանը, Հայկական մշակութային կեդրոնը, ուր Պուխարեստի զբօսաշրջային ընկերութիւնները կազմակերպած էին պարբերական խմբային այցելութիւններ:
Փառատօնի ծիրէն ներս Ռումանահայոց թեմի նախաձեռնութեամբ, սոփրանօ Վիկթորեայ Պետրոսեան Պուխարեստի հայկական եկեղեցւոյ մէջ հանդէս եկաւ Շարականներ հոգեւոր երաժշտութեան համերգով` երգեհոնահար Գարմէն Ասֆատուրեանի նուագակցութեամբ:
Կիրակի օրը Առաջնորդանիստ Սբ Հրեշտակապետաց եկեղեցւոյ մէջ Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի կողմէ մատուցուեցաւ Սբ.պատարագ, որուն յաջորդեց եկեղեցւոյ բակին մէջ Վարդավառի ծէսի բեմականացումը:
Տուտեան թանգարանին մէջ հայկական այբուբենի եւ գեղագրութեան մասին դասախօսութիւններով եւ գործնական դասերով հանդէս եկաւ Հայաստանէն հրաւիրուած գեղագիր Ռուբէն Մալայեան: Եկեղեցւոյ բակին մէջ հանրութեան ներկայացուեցաւ երկու եզակի ցուցադրութիւն` Discover Armenia լուսանկարներու միջազգային ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ Postcrossing ցուցահանդէսը` աշխարհի տասնեակ քաղաքներէ ռումանահայերու եւ հայկական փառատօնի հասցէին ուղարկուած համերաշխութեան բացիկներու ցուցադրութեամբ:
Հայկական փողոցին վրայ շարուած կրպակներուն մէջ ներկայացուած էին հայկական ձեռագործ զարդեր, խեցեղէն, գորգեր եւ գործուածքներ, սրբապատկերներ եւ նկարազարդումներ: Բացօթեայ հայկական ճաշատան մէջ կարելի էր համտեսել հայկական խորտիկներ եւ աւազի վրայ պատրաստուած աւանդական սուրճ: Առաջնորդարանի բակի մանկական անկիւնին մէջ երեխաներուն համար կազմակերպուած էին ստեղծագործական խաղեր եւ աշխատանքներ:
Աճպարարներն ու ծաղրածուները կը շրջէին ամէնուր:
Փառատօնը հմտօրէն կը վարէր ռումանահայ յայտնի քաղաքական գործիչ, պատգամաւոր Վարուժան Փամբուկչեան` երիտասարդ Հրանդ Ջաղինեանի եւ Վահէ Յովակիմեանի ընկերակցութեամբ: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեան, Հայաստանի դեսպան Համլէտ Գասպարեան, Ռումանիոյ Հայոց միութեան նախագահ, պատգամաւոր Վարուժան Ոսկանեան եւ Ռումանիոյ Յոյներու միութեան նախագահ, պատգամաւոր Գաբրիէլ Զիսոպոլը:
Ստրատա Արմէնէասկա փառատօնը երեք օրերուն ընթացքին այցելած են շուրջ քսան հազար մարդ, այն շարունակաբար ցուցադրուած է առ-ցանց կենդանի հոսքով/live streaming, պարբերաբար հեռարձակուած ռումանական կեդրոնական հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յատուկ թողարկումներով, ազդարարուած լրատուական գործակալութիւններու եւ գրաւոր մամլոյ միջոցով: