«Մանկական Եւրոտեսիլ-2014»-ին Հայաստանը Գրաւեց 3-րդ Տեղը (տեսանիւթ)

«Մանկական եւրոտեսիլ-2014»-ը այլեւս պատմութիւն է: Հեղինակաւոր մրցոյթը եզրափակուեցաւ, իսկ յաղթական դափնին ուղեւորուեցաւ Իտալիա:

Մրցոյթին յաղթեց Վինչենցօ Քանտյելոն «Tu primo grande amore» երգով: Հայաստանի պատուիրակ 11-ամեայ Պեթին` իր «Արեւի մարդիկ» երգով, գրաւեց երրորդ հորիզոնականը:

Պեթին ստացաւ 12 միաւոր` Պելառուսիայէն, Պուլկարիայէն, Վրաստանէն, Ուքրանիայէն, Ռուսաստանէն, Մալթայէն, 10 միաւոր` Հոլանտայէն, 8 միաւոր Շուէտէն, Սլովենիայէն, 7 միաւոր` Սան Մարինոյէն, 6 միաւոր` Խորուաթիայէն, Կիպրոսէն, Սերպիայէն, 2 միաւոր Մոնթենեկրոյէն, Իտալիայէն:

Մրցոյթին ընթացքին մեր երկրի միաւորները յայտարարեց «Մանկական եւրոտեսիլ-2013»-ի հայաստանեան մասնակից Մոնիքա Աւանէսեան:

Փոքրիկ Պեթիին «Արեւի մարդիկ» («People of the sun») երգի պատրաստման ընթացքին օգնած են երգահան Մանէ Յակոբեանը, խօսքերու հեղինակ Աւետ Բարսեղեանը եւ գործիքաւորող Մարտին Միրզոյեանը:

Մրցոյթի մասնակից պետութիւնները 16-ն էին` Հայաստան, Վրաստան, Պելառուս, Պուլկարիա, Կիպրոս, Իտալիա, Մալթա, Մոնթենեկրօ, Ռուսաստան, Սերպիա, Շուէտ, Սլովենիա, Հոլանտա, Խորուաթիա, Սան Մարինօ եւ Ուքրանիա: Մրցոյթը այս տարի իրականացաւ #together (միասին) կարգախօսի ներքոյ: Բացի այդ, մրցոյթի բոլոր մասնակիցները երգեցին մրցոյթի համար յատուկ գրուած «Together» երգը:

Մրցոյթը վարեց հաղորդավարուհի Մոյրա Տելիան: Իր ելոյթներով շոուն զարդարեց նաեւ նախորդ տարուան «Մանկական եւրոտեսիլ»-ի յաղթող, Մալթայի ներկայացուցիչ Կայա Կաուկին:

Մրցոյթի այս տարուան տարբերանշանը կը խորհրդանշէր Մալթայի 8 կէտանի խաչը, որուն տարբեր մասնիկները գոյներ ստացած կը միանային իրար` ստեղծելով մէկ գաղափար` միասնութիւն: Գոյները կը խարհրդանշեն Մալթայի բնութիւնը` ծովը, աւազը, քարերը, խոտը, երկինքը, մթնշաղն ու արեւամուտը:

Scroll Up