Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Կը Մեկնի Պրիւքսէլ

Վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հոկտեմբեր 23-24 աշխատանքային այցով կը մեկնի Պելճիգայի Թագաւորութիւն` Պրիւքսէլի մէջ մասնակցելու Եւրոպական ժողովրդական կուսակցութեան (ԵԺԿ) գագաթնաժողովին:
Այցի ծիրէն ներս կը նախատեսուի պայմանագիրի ստորագրում Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Տնտեսութեան նախարարութեան եւ  («Global medical solutions») փակ բաժնետիրական ընկերութեան միջեւ:
Վարչապետի գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան կազմին են ՀՀ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Վաչէ Գաբրիէլեանը, ՀՀ տնտեսութեան նախարար Վահրամ Աւանեսեանը, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեանը, ՀՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Արտակ Զաքարեանը, Հայաստանի Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատուրեանը, պաշտօնատար այլ անձիք:

http://www.gov.am/

 

 

Scroll Up