«Արի Տուն»-ը Հայրենաճանաչութենէն Բացի` Ինծի Նաեւ Սէր Տուաւ». Արամ Սիսեռեան, Ծրագիրի Նախկին Մասնակից
Աւարտին մօտեցաւ «Արի տուն-2016» հայրենաճանաչողական ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս աւարտական` 8-րդ փուլին, այս անգամ կը մասնակցին նախորդ տարիներուն ծրագիրին մասնակցած սփիւռքահայ երիտասարդներ: «Հայերն այսօր»-ի համար կատարուած հարցազրոյցին ընթացքին բոլոր մասնակիցներուն մօտ կ’ընդգծուէր ու կարեւոր կը համարուէր համայն աշխարհի երիտասարդներու, պատանիներու հետ շփումին նպաստող այս հրաշալի տարբերակը` միասին այցելել պատմամշակութային յուշարձաններ, միասին հանգստանալ Ծաղկաձորի մէջ, միասին պարել ու երգել, միասին` մեծ գերդաստանի մը պէս բոլորուիլ ճաշի սեղանի շուրջ:Նախորդ տարիներուն ծրագիրին մասնակցած հայորդիները կարօտով յիշած այդ օրերը եւ, ստանալով աւարտական փուլին մասնակցելու լուրը, համարած են, որ ատիկա իրենց երազանքի անսպասելի իրականացումն է: Ծաղկաձորի «Արի տան» ճամբարին մէջ իրենց առօրեան անցնող հայորդիները նաեւ խոստովանեցան, որ շատ կապուած են ծրագիրին եւ կ’ափսոսան, որ տարիքային սահմանափակման պահով այլեւս մասնակցութեան իրաւունք պիտի չունենան:
Արամ Սիսեռեան, Սուրիա, 18 տարեկան
-Ես Սուրիայէն եմ, արդէն տեղափոխուած ենք Հայրենիք. չեմ ընդուներ բողոքողներուն, Հայաստանի մէջ շատ լաւ կը զգանք. Ով կ’ուզէ աշխատիլ, ան միշտ ալ աշխատանք կը գտնէ, ըսեմ աւելին` չաշխատողը որեւէ երկրի մէջ ալ չաշխատիր: Միայն այն, որ դուն երկրիդ մէջ ես, ուր շուրջբոլորդ հայեր են ու կը խօսին հայերէն, արդէն երջանկութիւն է: Հայաստանի մէջ շատ ընկերներ ձեռք բերած եմ, իսկ «Արի տուն» ծրագիրի ծիրէն ներս անցեալին արդէն ծանօթութիւններ ձեւաւորուած են: Ես անցեալ տարի մասնակցած եմ ծրագիրին եւ ծանօթ եմ ծրագիրի բովանդակութեան, ճամբարային առօրեային, որ շատ յագեցած է զանազան ձեռնարկներով, սակայն կը ցանկայի, որ մարզական խաղեր եւս կազմակերպուին: Շատ լաւ պարեր ու երգեր կը սորվինք, որոնք անցեալ տարուընէ արդէն ինծի ծանօթ են: Այս վերջին փուլը ունի իր առաւելութիւնները, դրական կողմերը այն առումով, որ բոլորը տեսակ մը աւելի ոգեւորուած են, շատ աւելի եռանդուն ու անսահման հոգատար, ջերմ: Երանի անոնց, որ դեռ նոր պէտք է մասնակցին այս գեղեցիկ ծրագիրին.եւ՛ մանկավարժները հրաշալի մարդիկ են, եւ՛ ճաշերը համեղ, եւ՛ օդը մաքուր: Ես լաւ ուտող եմ, իսկ այս մաքուր օդին ախորժակս աւելի բացուած է, եւ ես չեմ կշտանար, մանաւանդ այնքա՜ն համեղ, տնավարի կը պատրաստեն, նաեւ համեղ թխուածք կու տան, որմէ ես չեմ կշտանար: Այստեղ սիրահարուած եմ աղջկայ մը. չե՛մ ըսեր ո՛չ անունը, ո՛չ ալ` երկիրը, այստեղի ամենաբարձրահասակ ու գեղեցիկ աղջիկն է, դու՛ք կռահէք…այսօր պէտք է խօսիմ: Կը տխրիմ` մտածելով, որ երկու օրէն ան կ’երթայ Հայաստանէն, սակայն յոյսով եմ, որ կը կարենամ համացանցի օգնութեամբ շփուիլ, զրուցել, հնարաւորինս լաւ ծանօթանալ անոր հայեացքներուն, բնաւորութեան…տեսնե՛նք:
Անցեալ տարուան խումբէն աղջկայ մը սիրահարուած էի, ընկերուհիս էր, բայց ալ ընկերութիւն չենք ըներ: Կը կարծեմ` այս անգամ աւելի լուրջ է:
Համբարձում Քեչէք, Էսթոնիա, 17 տարեկան
-Ես ալ անցեալ տարի այստեղ եկած, մասնակցած եմ այս հրաշալի ծրագիրին, ծանօթացած Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններուն, հանգստացած «Արի տուն» ճամբարին մէջ, ուր ես աւելի մօտէն ծանօթացայ ու շփուեցայ ուրիշ երկիրներէ եկած իմ հասակակիցներուս հետ. շատ տարբեր է մեր մտածելակերպը, սակայն նոյնն է մեր ցանկութիւնը` ունենալ շատ հզօր Հայրենիք, որուն համար կարեւոր են նաեւ դուրսը ապրող հայորդիներու, իսկ յետագային` հայ երիտասարդներու ներդրումները: Հայրս հայաստանցի է, մենք կ’ապրինք Էսթոնիա: Հայաստանը գեղեցիկ երկիր է, հայաստանցիները ուրիշ ազգերէ կը տարբերին իրենց ջերմութեամբ, սիրալիրութեամբ եւ հիւրասիրութեամբ: Հպարտ եմ, որ այդպիսի ազգի զաւակ եմ: Այստեղ` այս ճամբարին մէջ, ես նոր ընկերներ ձեռք բերի 8-րդ փուլէն. այնքա՜ն մեծ է հիմա իմ այն ընկերներու շրջանակը, որոնց ձեռք բերած եմ «Արի տան» ծիրէն ներս. շնորհակալութիւ՛ն: Ճիշդ է, փոխուած է ճամբարի կազմը, սակայն նոյնն է վերաբերմունքը` միշտ սիրալիր հոգատար: Շատ կարեւոր է այն փաստը, որ մանկավարժները ընկերական են, չեն հրամայեր, չեն կոպտեր. շատ գոհ եմ, ես ատիկա միշտ նկատած եմ ու կարեւոր համարած: Խորհուրդ կու տայի իմ ընկերներուս, որպէսզի մասնակցին այս գեղեցիկ ծրագիրին: Շնորհակալութիւ՛ն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:
Լուսինէ Թումանեան, Ս. Փեթերսպուրկ, 19 տարեկան
-Երկու տարի առաջ մասնակցած եմ «Արի տուն» ծրագիրին, հիմա ինծի համար նոր բան չկայ, միայն երեխաները ուրիշ են. շատ կը ցանկայի այս անգամ երթալ այնպիսի տեսարժան վայրեր, ուր նախօրօք չենք գացած, նաեւ կը ցանկայի այցելել շրջակայ անտառը, շրջիլ բնութեան գիրկը, որ ինծի համար շատ կարեւոր է, որովհետեւ ես նկարչուհի եմ. այդ ընթացքին ես բնութիւն կը նկարէի, գուցէ այդ նկարը տանէի հետս կամ ալ` նուիրէի նախարարին: Հէ՛նց հիմա ալ սիրով կը նկարէի. ես հիմնականին մէջ կը զբաղիմ մանրանկարչութեամբ: Մնացած հարցերով որեւէ առաջարկութիւն չունեմ, որովհետեւ հայերէնագիտութիւնն ու պարը, երգը, ասմունքը միշտ կան եւ շատ աշխոյժ կը դարձնեն ճամբարային առօրեան: Հակառակ ուրիշներուն` ես կը կարծեմ, որ այս 5 օրը բաւական է, որպէսզի հրաշալի ժամանակ անցնենք ճամբարին մէջ. ուղղակի ընկերներս կը ցանկան աւելի երկար մնալ. Ատիկա ալ բնական է, որովհետեւ լաւ կազմ է, լաւ մանկավարժներ են: Ս. Փեթերսպուրկի մէջ ընկերներս կը հարցնեն իմ տպաւորութիւններուս մասին, ու ես անոնց խորհուրդ կու տամ մասնակցելու ծրագիրին, ճանչնալ Հայրենիքն ու շփուիլ հայաստանցիներու հետ, օրեր շարունակ լսել հայերէնով խօսակցութիւններ, հայկական պարեր ու երգեր սորվիլ: Սա իսկական ու հարազատ տուն է` Հայրենիք անունով:
Կարինէ Աւագեան