Անկախութեան Հռչակագիրի Ընդունումէն 26 Տարի Անց. Պատառիկներ Հրանոյշ Յակոբեանի 1990 Թուականի Օգոստոս 23-ի Ելոյթէն

26 տարի առաջ` 1990 թուականի Օգոստոս 23-ին ԽՍՀՄ Կոմունիստական կուսակցութեան գործունէութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանին ընդունուեցաւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը, որմով Հայաստանի անկախ պետականութեան հաստատման գործընթացքին սկիզբը դրուեցաւ:

«Հայերն այսօր»-ը փորձեց անդրադառնալ այդ օրերուն խորհրդարանի անցուդարձին: Մեզի հետաքրքրեց Գերագոյն խորհուրդի այն ժամանակուան պատգամաւոր, ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի 1990 թուականի Օգոստոս 23-ի ելոյթը, որմէ կը փորձենք «պատառիկներ» ներկայացնել:

Գերագոյն խորհուրդի առաջին նստաշրջանին պատգամաւորները մէկ ցանկութիւն ունէին` ընդունիլ Անկախութեան հռչակագիրը, հիմք դնել Հայաստանի անկախացման գործընթացքին: Այսինքն, այս քայլով իրականութիւն դարձնել հայ ժողովուրդի դարաւոր երազանքը: 20-րդ դարավերջին ազատ ու անկախ հայրենիք ունենալու պահը հասունացած էր, ինչն ալ իր ելոյթին սկիզբը շեշտած է Հրանոյշ Յակոբեան. «Միանգամայն ճիշտ է այն արտայայտութիւնը, որ քաղաքականութիւնը հնարաւորի արուեստն է: Հետեւաբար մեր նպատակը պէտք է լինի անկախ պետութեան հաստատումը` ելնելով այսօրուայ հանրապետութեան քաղաքական, հասարակական, տնտեսական իրավիճակից»:

Անդրադառնալով Հայ դատին ` պատգամաւորը իր ելոյթին մէջ առաջարկած է ձեւակերպում գտնել, որ հնարաւորութիւն կու տայ Հռչակագիրին մէջ չմոռնալ պահանջատիրութեան խնդիրը. «Մենք իրաւունք չունենք մեզանից վանելու մեր օրգանիզմի ամբողջ մի մասը` Սփիւռքը, որը ապրում է, գոյատեւում է հէնց պահանջատիրութեամբ, Հայ դատով: Այս առումով ես կարծում եմ, որ պէտք է գտնել ճկուն, դիւանագիտական մի ձեւակերպում, որը հնարաւորութիւն կը տայ մեր ամբողջ Հռչակագրում չմոռանալ մեր պահանջատիրութեան խնդիրը»:

Այն հարցին, թէ Հռչակագիրը որուն կամքը պէտք է արտայայտէ, պատգամաւոր Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ Հռչակագիրը պէտք է արտայայտէ ոչ թէ Հայաստանի ժողովուրդի կամքը, այլ` հայ ժողովուրդի, այսինքն` համազգային խնդիրները համատեղ լուծելու տեսլականը. «Առաջարկում եմ նախաբանի (Հռչակագրի) առաջին նախադասութիւնում «Արտայայտելով Հայաստանի ժողովրդի կամքը» բառակապակցութեան փոխարէն գրել «Արտայայտելով հայ ժողովրդի կամքը»:

Ժողովրդավարութիւնը առանց համամարդկային արժէքներու որդեգրման չի կրնար զարգանալ: Հետաքրքրական է, որ պատգամաւորը շեշտած է. «Հռչակագիրը պէտք է բխի համամարդկային արժէքների գերապատուութեան սկզբունքից»` առաջարկելով այն ներառել Հռչակագիրին մէջ:

Ժողովրդավարական, իրաւական պետութեան կառուցման կարեւոր պայմաններէն մէկը օրէնքի իշխանութեան հաստատումն է, որուն մասին պատգամաւոր Յակոբեան նշած է. «Եթէ մենք այսօր խօսում ենք դեմոկրատիայի մասին, ժողովրդավարութեան մասին, ապա ճիշտ կը լինի մենք աւելացնենք. «Օրէնքի առջեւ բոլոր քաղաքացիները հաւասար են»:

Այդ ժամանակ հայ ժողովուրդի եւ Հայոց պետութեան գերագոյն իշխանութիւնը կը ներկայացնէր Գերագոյն խորհուրդը: Այս մասին իր ելոյթին մէջ  Հրանոյշ Յակոբեան նշած է. «Հայաստանի ժողովրդի անունից իրաւունք ունի հանդէս գալ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը» եւ շարունակած. «Զօրքերի ձեւաւորումը, տեղաբաշխումը պէտք է կատարուի միայն Գերագոյն խորհրդի որոշմամբ եւ կախուած չլինի որեւէ մէկից»:

Խօսելով ժողովրդավարական հասարակութեան ստեղծման ամենաէական սկզբունքին մասին` պատգամաւորը կ’ընդգծէ. «Ժողովրդավարական, իրաւական հասարակարգի հաստատման հիմքում ընկած է իշխանութեան բաժանումը օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմինների»:

Անդրադառնալով յաջորդ սկզբունքին` պատգամաւորը կարծիք  յայտնած է բազմակուսակցական համակարգի անհրաժեշտութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու գործունէութեան մասին. «Ես ամբողջութեամբ պաշտպանում եմ բազմակուսակցութեան գաղափարը, բայց «կուսակցութիւններ» բառից յետոյ առաջարկում եմ աւելացնել նաեւ «կազմակերպութիւններ» բառը, որովհետեւ մեր հանրապետութիւնում, ինչպէս գիտէք, ծնւում են աւելի շատ կազմակերպութիւններ, քան կուսակցութիւններ»:

26 տարի առաջ պատգամաւոր Հրանոյշ Յակոբեան մտահոգուած է նաեւ Մայրենիի խնդիրով եւ իր ելոյթին մէջ ըսած, որ լեզուի մասին ձեւակերպումը պէտք է տեղ գտնէ Հռչակագիրին մէջ. «Պետական լեզուի մասին պէտք է անպայման ձեւակերպել»:

Նկատի ունենալով այն իրավիճակը, երբ Հայաստան կը գտնուէր աղէտալի երկրաշարժի հետեւանքներու վերացման բարդ փուլին մէջ, երբ կ’ընթանար ԼՂՀ ինքնորոշման իրաւունքի համար մղուող Արցախեան պատերազմը, երբ մօտ կէս միլիոն մարդ  բռնագաղթած էր Ատրպէյճանէն, պատգամաւոր Հրանոյշ Յակոբեան իր ելոյթին մէջ տեսակէտ  յայտնած է, որ ներկայ իրավիճակին մասին քաղաքական գնահատականներ պէտք  է տալ, եւ ատոնք պէտք է տեղ գտնեն Հռչակագիրին մէջ. «Մենք պէտք է ելնենք նաեւ այն առանձնայատկութիւնից, որի մէջ այսօր գտնւում է մեր հանրապետութիւնը: Դա Ղարաբաղի խնդիրն է, դա երկրաշարժի գօտին է եւ բռնագաղթուածներն են: Սրանք լուրջ քաղաքական հարցադրումներ են, որոնք պէտք է տեղ գտնեն Հռչակագրում»:

 

 

Scroll Up