«Յետայսու Ամերիկեան Օրացոյցին Վրայ Ապրիլ 24-ը Յիշատակի Օր Պիտի Նշուի».Կլենտէլի Կրթական Խորհուրդի Անդամ

«Հայերն այսօր»-ը զրուցած է Կլենտէլի կրթական խորհուրդի անդամ Արմինէ Ղարպետեանի հետ` պարզելու ովկիանոսէն անդին ծաւալուող աշխատանքերուն մասին, որուն կիզակէտին սփիւռքահայ երեխաներուն Հայաստանի շուրջ համախմբելը եւ Մայրենիին անդաւաճան պահելն է:

 

Տիկի՛ն Արմինէ, Կլենտէլի կրթական խորհուրդի գործունէութեան նպատակը ի՞նչ է:

– Նախ ըսեմ, որ կրթական խորհուրդը 5 անդամներէ  բաղկացած է, որոնցմէ մէկն ալ ես եմ: Այս տարի ամենայն հաւանականութեամբ` խորհուրդի նախագահ պիտի դառնամ:

Մենք վեր կը  բարձրացնենք դպրոցական բոլոր հարցերն ու յառաջացած խնդիրներուն լուծում կու տանք, ինչպէս նաեւ` կրթական որոշումներ կը կայացնենք: Դպրոցներուն կողմէ նոր ձեռնարկ կամ ծրագիր իրականացնելու պարագային, մենք պէտք է տեղեակ ըլլանք, նոյնիսկ կրնանք փոփոխութիւններ կատարել:

Կլենտէլի կրթական խորհուրդը միակն է Ամերիկայի մէջ, որուն ջանքերուն շնորհիւ ամէն տարի Ապրիլ 24-ին բոլոր դպրոցները փակ կ’ըլլան:

Այս տարի նաեւ  բանաձեւ մը ստորագրեցինք եւ յետայսու ամերիկեան օրացոյցին վրայ Ապրիլ 24-ը որպէս Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր պիտի նշուի: Միշիկընի նահանգն ալ ամերիկեան կրթական ծրագիրներուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան թեման ներառելու օրինագիծը վաւերացուց:

– Հայաշատ Կլենտէլի հայ աշակերտներու թիւը որքա՞ն է: Անոնց հայեցի կրթութիւն տալու ուղղութեամբ ի՞նչ ծրագիրներ կ’իրականացնէք:

Կլենտէլի մէջ շուրջ 26 հազար աշակերտ կուսանի, անոնց շուրջ 40 տոկոսը հայեր են:

Ի հարկէ, անոնց Մայրենին սորվեցնելը եւ Հայրենիքին հետ կապը ամուր պահելը բոլորիս մտահոգութիւնն է:

Ունինք «Duel immersion» կամ «Flag Program» կոչուող յատուկ ծրագիրը, որուն ծիրէն ներս բոլոր առարկաները դասաժամի կէսը հայերէն, իսկ միւս կէսը` անգլերէն կը դասաւանդուին: Այսինքն` միաժամանակ երկու լեզուներով աշակերտները հիմնարար գիտելիքներ կը ստանան: Անշուշտ, հայերէն լաւ սորվելու առանձնակի մօտեցում կը ցուցաբերուի:

Արդիւնքը չուշանար. աշակերտները դասերէն յետոյ կը սկսին բարելաւել հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակը եւ զարգացնել բառապաշարը: Փաստը ցոյց  կու տայ, որ այս միջոցով անոնք աւելի լաւ կ’ըմբռնեն իրենց հաղորդուող տեղեկատուութիւնը:

Իսկ ինչը՞ հիմք հանդիսացաւ նմանօրինակ ծրագիր ստեղծելու համար:

-Քանի մը տարի առաջ դպրոցներուն մէջ աշակերտներու թիւը քիչ էր: Հաւանաբար նոր աշակերտներ հաւաքելու նպատակով ստեղծուեցաւ այս ծրագիրը` արժանանալով մարդոց բուռն արձագանքին:

Հիմա արդէն կրնանք վստահ ըսել, որ այս ծրագիրով հետաքրքրուած են  ոչ միայն Կլենտէլի, այլեւ Ամերիկայի շատ ուրիշ քաղաքներու աշակերտներ:

Տիկի՛ն Արմինէ, այնուամենայնիւ, ամերիկաբնակ հայ երիտասարդները այսօր որքանո՞վ կը պահպանեն հետաքրքրութիւնը Մայրենիի հանդէպ եւ սէրը առ Հայրենիք:

-Կը կարծեմ` այս հարցով մեծ դերակատարում ունին սփիւռքահայ երիտասարդներու ընտանիքները, յատկապէս` ծնողները: Անոնք առաջին հերթին պէտք է իրենց երեխաներուն ապագային մասին մտածեն, հայրենասիրական ոգիով դաստիարակեն` թոյլ չտալով ձուլուելու օտար միջավայրին:

Ի հարկէ, Կլենտէլի հայկական համայնքը նոյնպէս կազմակերպուած եւ լայնածաւալ աշխատանքներ կ’իրականացնէ այս ուղղութեամբ:

 Կը գործեն հայկական պարի եւ երգի խումբեր, ուր պատանիներն ու աղջիկները յաճախելով` կրնան հաղորդակցուիլ հայկական մշակութային արժէքներուն:

Մենք նոյնպէս տարբեր կրթական հաստատութիւններու հետ համագործակցելով` հայապահպանական ծրագիրներ, ամառնային ճամբարներ  կը կազմակերպենք:

Օրինակ, ամենայաջող ծրագիրներէն էր` Ապրիլին Կլենտէլի գրադարանին մէջ բացուած Հայոց ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին նուիրուած հայ-ամերիկեան “Armenia An Open Wound” ժամանակաւոր ցուցահանդէսին Կլենտէլի Դաւթեան եւ Մարիամեան կրթական հաստատութեան շուրջ 600 աշակերտներու մասնակցութիւնը:

Ճանաչողական շրջագայութիւն  կատարելով գրադարան` անոնք ներկայացուած ցուցապաստառներու միջոցով ծանօթացան Հայոց ցեղասպանութեան արիւնալի էջերուն:

Հայաստանի հետ կապուած ի՞նչ ծրագիրներ, գաղափարներ ունիք, որոնք կարելի է գործի վերածել:

-Մեր գործունէութեան ընթացքին միշտ կը մտածենք Հայաստանի հետ համագործակցութեան մէջ գտնուելու եւ համատեղ ուժերով տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու:

Երբ այս տարի Հայաստան կատարած այցելութեան ժամանակ ամուսնուս` Կլենտէլի քաղաքային խորհուրդի անդամ Վարդան Ղարպետեանի հետ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին հանդիպեցանք, զինք առաջարկեցինք Հայաստանի եւ Ամերիկայի հայ աշակերտներու միջեւ կապը սերտացնելու, անոնց միջեւ ընկերային յարաբերութիւններ ձեւաւորելու եւ աշակերտական փոխայցելութիւններ կազմակերպելու համար համագործակցութեան ծրագիրներ մշակել: Շատ կ’ուզենք նաեւ յաջորդ տարուան ամրան վերապատրաստման նպատակով ուսուցիչներ գործուղել Հայաստան:

Հրանոյշ Յակոբեան մեծ սիրով ընդունեց առաջարկը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց միասնաբար իրականացնել ազգանուէր գաղափարը: Ան նաեւ աւելցուց, որ ծրագիրը կեանքի կոչելով` այն Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդման տեսանկիւնէն իւրօրինակ կամուրջ կը հանդիսանայ, յատկապէս որ խօսքը հայ երիտասարդներուն կը վերաբերի:

Հարցազրոյցը` Գէորգ Չիչեանի

 

Scroll Up