«Արարատի Գագաթը Ամենասուրբ Ու Լուսաւոր Գագաթն Է, Որ Ան Նուաճած Է». Հրանոյշ Յակոբեան

Օգոստոս 16-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ֆրանսահայ լեռնագնաց Արա Խաչատուրեանը: Էվերեսթը յաղթահարած հայ մարզիկը 8848մ բարձրութեան վրայ ծածանելով խաղաղութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշները, կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան` ճանչնալու 20-րդ դարասկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ 1915 թուականին հայերուն նկատմամբ իրականացուած մեծագոյն ոճրագործութիւնը` Հայոց ցեղասպանութիւնը:

 Ողջունելով հիւրը` Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Արա Խաչատուրեանի ազգանուէր գործունէութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց խիզախութեան ու նուիրումին համար: Նախարարը մասնաւորապէս նշեց. «Ուրախ եմ ողջունել ձեզ մեր նախարարութիւնում: Բարով էք եկել: Բոլոր հայերի ճակատագրերը նման են եւ դրանց մէջ կայ ցաւ, տառապանք, գաղթ, մաքառում: Ֆրանսիան հիւրընկալել է Ցեղասպանութիւնից փրկուած շատ ընտանիքների, պայմաններ է ստեղծել, որ մեր հայրենակիցները դառնան Շառլ Ազնաւուր, Անրի Վերնօ, Միշել Լեկրան… եւ այսօր էլ` Արա Խաչատուրեան: Կարծում եմ, որ Արարատի գագաթն ամենասուրբ ու լուսաւոր գագաթն է, որ դուք նուաճել էք: Շնորհակալութիւն, որ Մարսէլում հայ համայնքի լաւագոյն ներկայացուցիչներից էք: Համոզուած եմ, որ ապրում էք «Բարձրացիր եւ բարձրացրու» նշանաբանով»:

Մասնագիտական գործունէութեամբ Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացման ու ճանաչման նպաստելու, ազգային հասարակական գործունէութիւն ծաւալելու, ինչպէս նաեւ հայապահպանութեան գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալու համար ֆրանսահայ լեռնագնացը պարգեւատրուեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Ոսկէ» մետալով:

Արա Խաչատուրեան շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան եւ բարձր գնահատանքի համար: Ան տեսանիւթով ներկայացուց իր մարզումները, նախապատրաստական աշխատանքը, Էվերեսթը նուաճելու դժուարութիւնները: Լեռնագնացը նշեց, որ իր երազանքը` Էվերեսթի նուաճումը, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրելն էր, որ չյաջողեցաւ իրականացնել 2015թ. երկրաշարժին պատճառով: Սակայն երկրաշարժը առիթ դարձաւ, որ ան բազմաթիւ հարցազրոյցներու ընթացքին բարձրաձայնէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Արա Խաչատուրեան ծնած է Լիբանան, մարզանքով սկսած է զբաղիլ 40 տարեկանին: Աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ` Մարոքոյի, Պարսելոնի, Փարիզի մէջ մասնակցած է մարաթոններու:  Երկար ու դժուարին նախապատրաստութիւն  անցած Մոնպլան լերան լանջին, որ Եւրոպայի ամենաբարձր գագաթն է` 4810 մ: Մոնպլանը դարձած է առաջին բարձունքը, որ ան յաղթահարած է: Երկրորդ լեռը Արարատն էր, յետոյ` Քիլիմանճարոն: Եւ վերջապէս, 2016թ. Մայիս 22-ին ան յաջողեցաւ նուաճել Էվերեսթը` 8848 մ բարձրութեամբ աշխարհի ամենաբարձր, դժուար յաղթահարելի լեռը:

հանդիպում1հանդիպում2 հանդիպումհանդիպում3

Scroll Up