ԱԳ Նախարարը Ընդունեց Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի Պատուիրակութեան Ղեկավարը
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2013/10/578.-Minister-Nalbandian-recieved-recieved-Head-of-ICRC-delegation-18.10.2013.jpg)
Հոկտեմբեր 18-ին ԱԳ նախարար Էդուարդ Նալպանտեան ընդունեց Կարմիր Խաչի Միաջազգային կոմիտէի հայաստանեան պատուիրակութեան նորանշանակ ղեկավար Սարա Էպրեխտին:
Շնորհաւորելով Սարա Էպրեխտին նշանակման առիթով` նախարար Նալպանտեան յաջողութիւններ մաղթեց անոր նոր պաշտօնին առիթով:
Նախարար Նալպանտեան նշեց, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի մարդասիրական գործունէութիւնը եւ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան եւ ԿԽՄԿ գործունէութեան բարձր գնահատականի համար` Սարա Էպրեխտը վստահեցուց, որ կազմակերպութիւնը պիտի շարունակէ իր չէզոք մարդասիրական գործունէութիւնը:
ԱԳ նախարարի խօսքերով` դրուատանքի արժանի է կազմակերպութեան` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հետ առնչուող մարդասիրական օժանդակութիւնը, մասնաւորապէս անյայտ կորածներու որոնման եւ ռազմագերիներու վերադարձի հարցերը: Այս առիթով նախարար Նալպանտեան յատուկ նշեց Ատրպէյճանի մօտ գերութեան մէջ գտնուող Յակոբ Ինջիղուլեանի ազատ արձակման ուղղուած ջանքերու աշխուժացման կարեւորութիւնը:
ԱԳ նախարարը պատրաստակամութիւն յայտնեց շարունակել Հայաաստանի աշխոյժ փոխգործակցութիւնը ԿԽՄԿ-ի հետ: Այս մասին «Հայերն այսօր»-ը կը տեղեկանայ ՀՀ ԱԳՆ մամլոյ գրասենեակէն: