Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի Մասնաճիւղի Սկաուտները նշեցին Հայ Սկաուտի Տօնը

Հակառակ Քաղաքական եւ Ապահովական թէժ պայմաններուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի Մասնաճիւղի Արիներն ու Արենոյշները, Երէցներն ու Պարմանուհիները նշեցին Հայ Սկաուտի Տօնը: Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի Մասնաճիւղի վարչութեան եւ Սկաուտ Խորհուրդին, Կիրակի 1 / Մարտ / 2015-ին Ճորճ Սալէմ դպրոցի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պարտէզէն ներս, աւելի քան 200 քոյրեր եւ եղբայրներ միօրեայ գործունէութեամբ նշեցին իրենց տօնը: Գործունէութեան մասնակցութիւն բերաւ նաեւ մասնաճիւղի փողերախումբը: Առաւօտեան բոլորը ուղղուեցան Ճորճ Սալէմ դպրոց, ուր դրօշակի արարողութեամբ բացուած յայտարարեցին գործունէութիւնը, որմէ ետք հերթականութեամբ ընթացաւ նախատեսուած յայտագիրը , որ կ’ընդգրկէր մարզանք, դաստիարակչական կէտեր, սկաուտական խաղեր, երգի ուսուցում։Ինչպէս նաեւ Քոյրերն ու եղբայրները եռագոյն երիզներով հիւսեցին սկաուտական սիրոյ կապը ,որմէ ետքը զետեղեցին իրենց փողկապներուն վրայ: Կէսօրին, բոլորը վերադարձան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պարտէզ եւ շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը: Ճաշէն ետք, խմբակային դրութեամբ տեղի ունեցաւ հարց -պատասխանի մրցում , մարզական բարձր ոգիով: Արդէն հասած էր միօրեայ գործունէութեան աւարտը։Մասնաճիւղի քոյրերն ու եղբայրները փողերախումբին ընկերակցութեամբ տողանցեցին ՀՄԸՄ-ի դաշտէն ներս: Սոյն արարողութեան ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդն ու խմբապետութիւնը, Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Սկաուտ խորհւրդը: Թմբուկներու եւ փողեու ձայները չէզոքացուցին հրթիռներու եւ հրասանդներու ձայները, ինչպէս նաեւ սկաուտները իրենց քայլերով անգամ մը եւս փաստեցին ՀՄԸՄ-ականի կանգունութիւնը: Աւարտին,տեղի ունեցաւ սկաուտական աստիճանի տուուչութիւն եւ 11 քոյրեր եւ եղբայրներ ստացան փոխ խմբապետի աստիճան:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի Մասնաճիւղի խորհուրդի ատենապետ՝ եղբ. Արամ Յակոբեան իր խօսքին մէջ շնորհաւորեց սկաուտները իրենց տօնին առթիւ ,մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ իրենց ապագայի գործունէութիւններուն մէջ: Ապա խօսքը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Սուրիոյ Շրջանային Խորհուրդի ատենապետ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեանին , ուր ըսաւ թէ այս տարին կը յատկանշուի իր ամեակներով՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հալէպի Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-րդ ամեակներով: Ան նշեց թէ 100 տարի անցնելով Հայը միշտ պիտի մնայ պահանջատէրը իր իրաւունքներուն, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ ՀՄԸՄ-ական առաջին նահատակ միութեան գաղափարախօս եղբ. Շաւարշ Քրիսեանին ,որ դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մէկ ու կէս Միլիոն նահատակներէն մէկը։ Եղբայր Տէրվիշեան շնորհաւորեց Հալէպի Մասնաճիւղի սկաուտները իրենց տօնին առթիւ մաղթելով խաղաղութիւն եւ յարատեւ վերելք :

Գործունէութիւնը փակուեցաւ Յառաջ Նահատակ քայլերգով:

120112 113114 115116 117118 119

Scroll Up