TF1-ի լրագրող Ժիլ Փառօն Հալէպի մէջ

Ֆրանսահայ Բժիշկնե­րու Ըն­կե­րակ­­ցութիւ­նը ըն­դու­նե­ցաւ TF1-ի լրա­գ­րող Ժիլ Փա­ռօն, որ կը վե­րադառ­նար 2014 Դեկ­տեմբերին Սու­րիա կա­տարած այ­ցե­լու­թե­նէն Անոր այցե­լու­թեան նպա­տակա­կէտը մաս­նա­ւորա­բար եղած է Հա­լէպը, որ ինչպէս ծանօթ է բոլորին, նա­խապա­տերազ­մեան շրջա­նին հա­յահոծ գա­ղութ մըն էր, որուն ան­դամնե­րուն հետ UMAF-ը հան­դի­պում ու­նե­ցած էր 2006 Նո­յեմ­բերին։

Ժիլ Փա­ռօ իր ետին 20 տա­րուան «մեծ թղթա­կից»ի փոր­ձա­ռու­թիւն ու­նի, յատ­կա­պէս Քո­սովո­յի, Աֆղանիստա­նի եւ Իրա­քի մէջ։ Երե­կոյ­թի ըն­թացքին, ան ցու­ցադրեց տե­­ղեկագ­րա­կան երեք ժա­պաւէն, որոնք կ՚ընդ­գծէ­ին իր մաս­նա­գի­տու­­թեան բնո­րոշ վտանգնե­րը։ Առաջինը կը վե­րաբե­րէր Աֆ­ղա­նիս­­տա­նի մէջ թա­լիպան­նե­րու հե­տա­պնդումնե­րուն, իսկ միւս եր­կու­քը կ՚առըն­չուէին Սու­րիոյ, ուր Հա­լէ­պի կռիւ­նե­րուն ըն­թացքին քրիստոնեանե­րը շրջա­փակուած են դի­­պու­կա­հար­նե­րու կրա­կով։ Ներ­կա­­ներու բազմա­թիւ հար­ցումնե­րէն ետք երե­կոյ­թը ըն­թա­ցաւ հայ­կա­կան հար­­ցին շուրջ։

Թ.Շ.

Նոր Յառաջ

Scroll Up