«Ձեր Աշխատանքը Նուիրում Է» Ամերիկահայ Գրող

Օգոստոս 11-ին ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ընդունեց ամերիկահայ գրող հրապարակախօս Հրանդ Մարգարեանը` տիկնոջ հետ:

Ողջունելով հիւրերը` Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց Հրանդ Մարգարեանի ազգանուէր գործունէութիւնը, շնորհակալութիւն յայտնեց սրտցաւութեան ու նուիրումին համար:

Տէր եւ տիկին Մարգարեանները յաճախ կ’այցելեն Հայաստան եւ Արցախ, մտահոգուած են Հայրենիքի խնդիրներով ու դժուարութիւններով, Ղարաբաղին ցուցաբերուած օգնութեան կազմակերպման աշխոյժ մասնակիցներէն են: Այս անգամ ալ անոնք Քալիֆորնիոյ մէջ հանգանակուած գումարով 100 հազար տոլարի չափով բժշկական սարքեր ու սարքաւորումներ  բերած են Արցախի համար:

Նախարարը հետաքրքրուեցաւ անուանի գրողի նոր ստեղծագործութիւններով, յառաջիկայ ծրագիրներով, մէկ անգամ եւս արժեւորեց տաղանդաշատ գրողի վերջին ստեղծագործութիւնը, որ ստեղծուած է ԱՄՆ-ի մէջ հաւաքուած պատմական փաստերու հիման վրայ, եւ հայ անուանի նահատակ գրողներուն համար մնայուն պատմական յուշարձան է: «Այն կարեւոր է ոչ միայն մատաղ սերնդին Հայ դատի համար պայքարում ներգրաւելու, այլեւ պատմական ճշմարտութիւնը, մեր գրողների տաղանդն ու լայնախոհութիւնը անգլախօս հասարակութեանը, համաշխարհային գրական աշխարհին ներկայացնելու առումով», – աւելցուց նախարարը:

Հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին ջերմ ընդունելութեան ու հետաքրքիր զրոյցին համար: Բարձր գնահատելով նախարարին աշխատանքը` անուանի գրողը ամփոփեց իր խօսքը. «Ձեր աշխատանքը նուիրում է, ճիշդ ճանապարհի վրայ էք ու ձեր հայրենասիրութեամբ, ազգային նկարագիրով պիտի յաջողիք»:

 

Scroll Up