«Վարդավառ» Պարախումբը Որոշած Է Կրկին Մասնակցիլ «Իմ Հայաստան» Փառատօնին

Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի Մոսկուայի «Հայորդաց տան «Վարդավառ» պարախումբը հիմնադրուած է 2014 թուականի Նոյեմբերին: Թեմակալ առաջնորդ Տէր Եզրաս արքեպիսկոպոս Ներսիսեանի օրհնութեամբ  անուանակոչուած է «Վարդավառ»:

«50 մասնակիցէ բաղկացած պարախումբը հանդիսատեսին կը ներկայանայ հայկական ժողովրդական պարերով: «Վարդավառ»-ը բազմիցս արժանացած է գլխաւոր մրցանակներու, տիպլոմներու, պատուոգիրներու, ինչպէս նաեւ տարբեր մրցոյթներու դափնեկիր է»,-«Հայերն այսօր»-ի հետ զրոյցին ըսաւ պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար ու պարուսոյց Մարգարիտա Գրիգորեան` աւելցնելով, որ պարախումբ  այցելող 5-16 տարեկան երեխաներուն հետ դասընթացքներ կ’իրականացուին  շաբաթական 3-4 անգամ:

Պարուսոյցը սաներուն բացի հայկական պարարուեստի գաղտնիքները սորվեցնէլէն, նաեւ այլ ազգերու պարերուն կը ծանօթացնէ` այդպիսով ընդլայնելով անոնց պարային փորձառութիւնը:

Մարգարիտա Գրիգորեան նկատած է, որ մոսկուաբնակ հայ երեխաները սիրով կու գան պարի դասընթացներուն, քանի որ կը գիտակցին օտար միջավայրի մէջ հայկական արժէքներուն հաղորդակից դառնալու անհրաժեշտութիւնը:

«Վարդավառ»-ը, ի թիւս սփիւռքեան միւս պարախումբերուն, նոյնպէս մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին:

Առաջին անգամ Հայաստանի մէջ մասնակցելով մշակութային իրադարձութեան` շատ հետաքրքիր եւ անմոռաց օրեր  ունեցած են:

Ինչպէս ըսաւ պարուսոյցը, երեխաները տպաւորուած են յատկապէս Արարատի մարզի զօրամասերէն մէկուն մէջ տեղի ունեցած համերգէն, ուր անոնք  ոգեշնչուած պարած են հայ զինուորներուն համար:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնենք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ազգանուէր գործունէութիւն ծաւալելու եւ մեզի Հայրենիքի մէջ ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար: Արդէն որոշած ենք երկու տարի յետոյ կայանալիք փառատօնին նոյնպէս մասնակցելու:

Նմանօրինակ փառատօներու մասնակցիլը նախ եւ առաջ Հայաստան գալու, հայկական մշակոյթին մօտիկէն հաղորդակցուելու միջոց կը հանդիսանայ:

Կարեւոր եւ նպատակային էր Հայաստանի տեսարժան, պատմամշակութային վայրեր այցելելը: Հոգիս հպարտութեամբ լեցուեցաւ եւ յուզուեցայ, երբ Խոր Վիրապ վանքին մէջ մեր խումբի երեխաները Արարատ լերան ներքոյ հայկական քոչարին պարեցին: Շատ ուրախ եմ, որ «Վարդավառ»-ը փառատօնի ծիրէն ներս Հայաստան եկաւ»,-զրոյցը ամփոփեց Մարգարիտա Գրիգորեան:

Գէորգ Չիչեան

2 3

 

Scroll Up