Տեսիլքէն Ծնած Գիրք` Քառօրեայ Պատերազմի Հերոսներուն Մասին
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/08/Տեսիլք.jpg)
Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի հերոսներուն մասին դեռ շատ պիտի խօսին ու գրեն: Անոնք` այդ երիտասարդ տղաները, մէկ օրուան մէջ դարձան մեր պատմութեան առասպելածին զաւակները, անոնք իրենց կիսատ երազանքներով ու մկրատուած կեանքի վերջով նոր կեանքի մը սկիզբ աւետեցին, անոնք եկան ապացուցելու, որ` բանաստեղծի բառերով ըսած` «Քաջեր միշտ էլ կան, զէ՛նք է հարկաւոր քաջերի ձեռքին»: Անոնք` երկրային մեր պահապանները, մեզի վերէն տրուած այդ լոյսի շողերը, յաւերժական լոյսի մէջ անէացան` այս անգամ դառնալով մեր երկնային պահապան հրեշտակները, եւ մենք` երկրային արարածներս, խօսքով ու երգով, երազի ու արթմնի պէտք է խնկարկենք անոնց` անուն առ անուն…այդ քաջազուններու յիշատակին նուիրուած է երիտասարդ գրող Ռեկինա Ամատունիի «Տեսիլք» վիպակը, որուն շնորհանդէսը կայացաւ վերջերս: Ռեկինան հիւրընկալուեցաւ «Հայերն այսօր»-ի խմբագրութեան մէջ, եւ ծաւալուեցաւ մեր զրոյցը` գիրքի մտայղացման, լոյս աշխարհ գալու պատմութեան շուրջ, որուն իրականացման թերեւս ամէնէն դժուար մասը զոհուած տղաներու ընտանիքներ այցելելն ու անոնց ծնողներուն հետ զրոյցի բռնուիլը եղած է, վերապրումը այն ցաւին, որ անուն չունի որդեկորոյս ծնողի համար:
«Անշուշտ, դիւրին չէր անոնց ծնողներուն համար մէկ անգամ եւս անդրադառնալ այդ թեմային, թէեւ անոնք մինչեւ իրենց կեանքին վերջը պիտի ապրին այդ ցաւով, նաեւ` նման զաւակներ ունենալու հպարտութեամբ: Սկիզբը ես մտադրութիւն չունէի գիրք գրելու , կը ցանկայի երթալ դիրքեր, ըլլալ անոնց կողքին, նոյնիսկ զինուորականի հագուստ գտայ եւ պատրաստ էի մեկնելու առաջնագիծ, դիմեցի Երկրապահ կամաւորականներու ջոկատին, սակայն ինծի չընդառաջեցին, թոյլ չտուին եւ ըսին, որ աւելի լաւ է գիրք գրեմ անոնց մասին … Այդ ժամանակ ես գիրք կը գրէի ղարաբաղեան առաջին գոյամարտի հերոսներուն մասին, ատիկա կիսատ ձգեցի… Գիշեր մը տեսիլք ունեցայ, եւ ծնաւ նոյնանուն վերնագիրով գիրք գրելու գաղափարը: Իրականութեան մէջ այդ գիրքս բաւականին ծաւալուն էր, բայց վերջապէս ձգեցի շատ բարալիկ գիրք մը, փոքրիկ վիպակ մը: Գիրքի հրատարակութիւնը քանի մը օրուան խնդիր էր ընդամէնը` դարձեալ տեսիլքի նման: Երեւանի գրողներու միութեան նախագահ, գրականագէտ, իմ դասախօս Աբգար Ափինեան շատ ոգեւորեց զիս. անոր հետ այցելեցինք Քեարամ Սլոյեանի ծնողներուն ու հարազատներուն. մեր զրոյցին ներկայ էին հայրը, մայրը, եղբայրը, եղբօր կինը: Արդէն պատրաստ էր Քեարամի երազանքի տունը… իսկ ինքը ատիկա չտեսաւ, այդ երազը աչքերուն ու հոգիին մէջ` ան զոհուեցաւ: Այդ այցելութեան հետեւեցան այցերը նաեւ միւս հերոսներու ծնողներուն` Աղասի Ասատրեանի, Ռոբերտ Աբաջեանի, Ադամ Սահակեանի, Սաշա Գալստեանի, Սասուն Մկրտչեանի….Անո՛նք են իմ տեսիլքի հերոսները, գուցէ յետագային շարունակեմ այս ընթացքը: Ես կը կարծեմ, որ այդ տղաներուն ընտանիքներուն հանդէպ պէտք է միշտ ուշադիր ըլլանք, յաճախակի այցելենք ու զրուցենք, անոնց ամէն գինով պահենք մեր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ, ատիկա մեր բոլորին պարտքն է: Մեր հերոսները` ընդամէնը 18 տարեկան տղաներ, չնահանջեցին, ուստի մենք իրաւունք չունինք նահանջելու, մենք պէտք է մշտապէս պայքարինք մեր անկախութեան ու մեր սահմաններու անառիկութեան համար: Գիրքիս շնորհանդէսը կայացաւ Օգոստոս 5-ին, «Ռոյալ» ճաշարանային համալիրին մէջ. ես միտումնաւոր ընտրեցի այդ վայրը, փոխեցի ձեւաչափը, որպէսզի ընդունուած չափորոշիչներէն դուրս ըլլայ, չըլլայ գրադարաններէն մէկուն մէջ , միջավայրը աւելի լուսաւոր, աւելի բաց ըլլայ: Ձեռնարկին կարկանդակը խորհրդանշուած էր նռնակով ու ինքնաձիգով. կարկանդակը կտրեցին զոհուած տղաներու ծնողները: Ելոյթ ունեցան Աբգար Ափինեան, լեզուաբան Լաւրենտի Միրզոյեան եւ այլք: Ես շնորհակալ եմ բոլոր այն մարդոց, որոնք աջակից եղան ինծի, բարոյապէս ու հոգեպէս նեցուկ եղան, ու ծնաւ այս գիրքը, շնորհակալ եմ մօրս` ֆինանսական աջակցութեան համար: Գիրքի շնորհանդէսը ամէնայն հաւանականութեամբ կ’ըլլայ նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ»:
Յաջողութիւն մաղթելով երիտասարդ ստեղծագործողին` ցանկանք, որ անոր յաջորդ գիրքը ըլլայ ապրող հերոսներու մասին, որ այլեւս երբեք մեր գարունները արիւն ու արցունք չտեսնեն, որ մեր երկրի սահմանները անառիկ պահող հայորդիները տուն չվերադառնան զինուորական դատարկ համազգեստի ու գլխարկի տեսքով, որ անոնք ցաւոտ յուշ չդառնան, որ զինուորական համազարկը հնչէ միայն յաղթութեան համար:
Կարինէ Աւագեան