Քասթելոյի ճամբով Հալէպ մուտք գործեցին Բանջարեղէնով Եւ Վառելանիւթով Բեռնաւորուած փոխադրակառքեր
Հալէպ-Խանասէր ճամբուն փակուելուն հետեւանքով երկու օրէ ի վեր քաղաք մուտք չէին գործեր սննդամթերքի եւ վառելանիւթի բեռնատար մեքենաներ։
Այսօր առաւօտեան սուրիական բանակին կողմէ բացուած Քասթելոյի ճամբով Հալէպ մուտք գործեցին նախ վառելանիւթի, ապա բանջարեղէնի եւ սննդամթերքի բեռնատար մեքենաներ։
Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար: