Լաւագոյն Ապագայի Շինարարները Այսօրուան Երիտասարդներն Են

Մեկնարկեց «Արի տուն-2016» ծրագիրի 7-րդ փուլը. աշխարհի տարբեր երկիրներէ Հայրենիք ժամանած հայորդիները ծրագիրի ծիրէն ներս  կը ծանօթանան Հայաստանի պատմամշակութային յուշարձաններուն, կ’այցելեն Մատենադարան, կ’ըլլան կապուտակ Սեւան, կը մասնակցին հայոց լեզուի դասընթացներուն, յիշարժան օրեր կ’անցնեն նաեւ Ծաղկաձորի «Արի տան» ճամբարին մէջ:  Անոնցմէ ոմանք ընդհանրապէս չեն եկած Հայաստան.  մէկ մասը շատ փոքր հասակին եկած է եւ գրեթէ բան   չի յիշեր: Իմ զրուցակից երկու տղաները` Գագիկ Աւագեան Խարքովէն եւ Նիքոլա Աւետիս- Մոզերը Զուիցերիայէն, ըսին, որ քանի մը անգամ Հայաստան  եկած են, սակայն առանձնապէս տեսարժան վայրեր չեն այցելած, հիմա յոյսով են, որ այդ հնարաւորութիւնը  լաւագոյնս կ’ընձեռէ «Արի տուն» ծրագիրը:

unnamed (1)

«Ես շատ եկած եմ Հայաստան,  սակայն առանձնապէս  բան չեմ յիշեր:  Մեր գերդաստանը իսկական  հայկական աւանդական   օճախ մըն է,   ամրոց մը. իմ պապիկս յայտնի բժիշկ Գագիկի Աւագեանն է,  որ,  ցաւօք, երկու տարի առաջ  մահացաւ. ես հպարտութեամբ կը կրեմ անոր թանկ անունը: Մեր ընտանիքը հայախօս է, հայրենասէր:  Հայրենիքի մէջ գտնուիլը ինծի համար մեծ երջանկութիւն է:  Այս ծրագիրին մասին իմացած եմ  հայկական համայնքէն  եւ ցանկութիւն  յայտնած եմ ծրագիրի ծիրէն ներս շրջագայել Հայաստանի մէջ,  ծանօթացած եմ  աշխարհի տարբեր ծայրերէ եկած իմ հասակակիցներուս հետ. ինծի կը հետաքրքրէ անոնց մտածելակերպը, կը կարծեմ` մէկս միւսէն շատ բան կ’ունենանք սորվելու: Ընդհանրապէս,  համահայկական երիտասարդական ծրագիրներ շատ պէտք է ըլլան. շա՛տ շնորհակալութիւն ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան:  Ես չէի գիտեր,  որ  «Հայերն այսօր» լրատուական կայք կայ, այսուհետ կը հետեւիմ բոլոր հրապարակումներուն»,- կըսէ Խարքովէն եկած 17-ամեայ Գագիկ Աւագեանը:

unnamed

«Ծնած եմ  Ցիւրիխ, 14 տարեկան եմ. երեք անգամ եկած եմ Հայաստան, շատ բան չեմ տեսած, հիմա հիւրընկալուած եմ քեռիիս տունը: Կը դժուարանամ շփուելու  մարդոց հետ, որովհետեւ հայերէն չեմ խօսիր ու չեմ հասկնար: Մայրս հայուհի է, հայրս` զուիցերիացի, մեր ընտանիքէն ներս աւելի շատ կը խօսինք ռուսերէն. ի հարկէ՛, մայրս  գիտէ հայերէն, սակայն զուիցերիացի հօրս համար աւելի  դիւրին է խօսիլ ռուսերէնով: Մայրս ռուսաց լեզուի ուսուցչուհի է, հայրս` գերմաներէնի:  Շատ բան չեմ գիտեր Հայաստանի մասին. Կը կարծեմ,  որ այս ծրագիրին ընթացքին աւելի շատ պիտի ծանօթանամ մայրիկիս Հայրենիքին, ինքզինքս նաեւ հայ կը համարեմ. չէ՞ որ իմ երակներուս մէջ կը հոսի նաեւ հայկական արիւն, եւ  ես մէջս կը զգամ այդ ազգի ուժը:  Լսած եմ, որ Հայաստան միշտ դժուար ճակատագիր  ունեցած է եւ ստիպուած  եղած է շարունակ պայքարելու իր տարածքներու, հաւատքի, լեզուի, գոյատեւման համար: Այս օրերուն ընթացքին կը  ծանօթանամ  հայաստանցի եւ դուրսը ապրող   ազգութեամբ հայ իմ հասակակիցներուս հետ, որուն համար շատ ուրախ եմ. ատիկա շատ կարեւոր է ինծի համար: Չեմ գիտեր` ուր, որ  երկրի, որ քաղաքին մէջ պիտի  շարունակեմ ուսումս, սակայն  հաստատպէս որոշած եմ ստանալ արուեստաբանական բարձրագոյն կրթութիւն, ըլլալ ֆիզիքայի լաւ մասնագէտ: Այսօր ողջ աշխարհը կը կառավարեն  նորագոյն, նորարարական բարձր արուեստաբանութիւնները: Շնորհակալ եմ, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը ստեղծած է այսպիսի ծրագիր»,- կըսէ  Զուիցերիայէն եկած Նիքոլա Աւետիս- Մոզերը:

Աշխարհագրական տարբեր տարածքներէ Հայաստան եկած այս պատանիներուն` տարբեր մտածելակերպով, տարբեր աւանդոյթներով ու սովորոյթներով, մէկ բան կը միաւորէ, այն է` լաւագոյն  ապագայի   կառուցումը, որ առաւել համոզուած են հէնց իրենք` երիտասարդները:

 Կարինէ Աւագեան

IMG_7811

Scroll Up