«Կռունկը Անհամբերութեամբ Կը Սպասէ «Իմ Հայաստան» Գալուն». Նունէ Մկրտչեան
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնին կը մասնակցէր Սպահանի «Կռունկ» պարախումբը, որ հիմնադրուած է 1992 թուականին: Այն Նոր Ջուղայի հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան պարախումբերէն է:
Պարախումբը կազմաւորումէն ետք սկսած է ելոյթներ ունենալ Նոր Ջուղայի եւ Իրանի հայկական համայնքներուն մէջ: «Արարատ» միութեան կեդրոնական վարչութեան որոշման համաձայն` խումբը կատարելագործելու նպատակով Հայաստանէն պարբերաբար աշխատանքի հրաւիրուած են մասնագէտ- պարուսոյցներ:
Այդ պարուսոյցներէն է «Հայերն այսօր»-ի զրուցակից, «Կռունկ» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Նունէ Մկրտչեան, որ տարիներ շարունակ պարած է «Եղէգն» պարախումբին մէջ` որպէս մենապարուհի եւ արժանացած դափնեկիրի կոչման: Բազմիցս ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ շարք մը այլ երկիրներու մէջ:
«Արդէն հինգ ամիս է, որ կ’աշխատիմ այս պարախումբին մէջ եւ պէտք է ըսեմ, որ շատ ժրաջան, ազգային բարձր գիտակցութիւն ունեցող երիտասարդներ հաւաքուած են, որոնք մեծ հետաքրքրութիւն ունին հայկական պարերուն նկատմամբ, հաճոյքով կ’աշխատիմ անոնց հետ: Մենք կը փորձենք հնարաւորինս շատ երեխաներ ընդգրկել խումբին մէջ, որպէսզի հայկական մշակոյթին ծանօթացնենք եւ համայնքային կեանքին մասնակցելու առիթ ընձեռենք»,-ըսաւ պարուսոյցը եւ աւելցուց, որ իրենց գլխաւոր նպատակը սփիւռքահայ երիտասարդներուն Հայաստանին մօտ պահելը եւ հայրենիքի հանդէպ սէր արթնցնելն է, որն ալ կ’իրագործեն ազգային մշակոյթի միջոցով:
Նունէ Մկրտչեան այն կարծիքին է, որ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնը նոյնպէս ներդրում կ’ունենայ աշխարհասփիւռ երիտասարդներուն հայկական ոգով ներշնչելու, մշակութային արժէքներուն ծանօթացնելու ուղղութեամբ: Խրախուսելով փառատօնի գործունէութիւնը` ան նշեց. «Պարախումբի անդամներուն այս փառատօնին մասնակցիլը նախ եւ առաջ հնարաւորութիւն կու տայ Հայաստանի հետ կապը չխզել, մտերմանալ Սփիւռքէն ժամանած միւս պարախումբերուն հետ եւ համագործակցութեան ճանապարհ հարթել: Մեր երիտասարդները միշտ անհամբերութեամբ կը սպասեն «Իմ Հայաստան» գալուն»:
Աւելցնենք նաեւ, որ «Կռունկ» պարախումբը 2012 թուականին արդէն մասնակցած է ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին: Ելոյթ ունեցած է նաեւ «Մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» փառատօնին:
2013թ. Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ՀՕՄ-ի մասանաճիւղի նախաձեռնութեամբ ելոյթ ունեցած է Տուպայի մէջ: Տարեկան ելոյթներէն բացի` մասնակցութիւն կ’ունենայ նաեւ Նոր Ջուղայի մէջ տեղի ունեցող ազգային, եկեղեցական եւ պետական տօներուն նուիրուած ձեռնարկներուն:
Գէորգ Չիչեան