Ամփոփուեցան «Իմ Հայաստան» Համահայկական Փառատօնի «Պարարուեստի Օրեր»-ու Արդիւնքները
Յուլիս 30-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»-ու մասնակից պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավարները հանդիպեցան ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան պետ Գագիկ Գեանջումեանի հետ:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` սփիւռքեան պարախումբերու գեղարուեստական ղեկավարներուն նետ հանդիպման ներկայ էին` Արփինէ Ամիրեան (ՌԴ, Մոսկուա, «Հայասա»), Զաւէն Վիրաբեան («Նայիրի», ՌԴ, Ս. Փեթերսպուրկ), Սիւզաննա Բաբայեան («Նայիրի», «Վարդանանք», ՌԴ, Մայքոփ), Անոյշ Մկրտչեան («Նայիրի», ՌԴ, Սթաւրոփոլ), Հրաչիկ Գէորգեան (Տոնի Ռոստով, «Արփի»), Սոֆիա Եսայեան («Նուռ», «Անի», ՌԴ, Կելենճիկ), Ռուզաննա Աւանէսեան («Էրեբունի», Պելառուս, Մինսք), Մետաքսեայ Աւագեան, Համլէթ Յովհաննիսեան («Արաքս», Ուքրանիա, Խարքով), Լուսաբեր Մզիկեան, Սարուխան Ղարսլեան («Նայիրի», Վրաստան, Նինոծմինտա), Սեւակ Պտոյեան, Զեփիւռ Ղարսլեան («Փարվանա», Վրաստան, Նինոծմինտա), Գարիկ Պապոյեան («Անի», Ապխազիա, Կակրա), ինչպէս նաեւ` Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան աշխատակիցներն ու «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի աշխատակազմը:
Գագիկ Գեանջումեան պարախումբերու ղեկավարներուն շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի մէջ հայ պարն ու մշակոյթը պահպանելու, տարածելու եւ «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնին մասնակցելու համար:
Խօսելով փառատօնի ծիրէն ներս Երեւանի, Հայաստանի տարբեր մարզերու եւ Արցախի մէջ կայացած համերգներուն մասին` փառատօնի ղեկավարները շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան, նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին, փառատօնը կազմակերպելու եւ Սփիւռքի մէջ գործունէութիւն ծաւալող պարախմբերուն հայրենիքի մէջ ելոյթ ունենալու հնարաւորութիւն ընձեռելու համար:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մտքերու փոխանակում: Պարախումբերու ղեկավարները հարց ու պատասխանի միջոցով ստացան իրենց յուզող հարցերու պատասխանները, յայտնեցին իրենց կարծիքներն ու կատարեցին համապատասխան առաջարկութիւններ:
Աւելցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» համահայկական 3-րդ փառատօնի «Պարարուեստի օրեր»-ուն մասնակցեցաւ աշխարհի 25 երկրէ ժամանած 48 պարախումբ: 10 օր շարունակ Սփիւռքէն ժամանած պարախումբերը ելոյթներ ունեցան Երեւանի, Շիրակի, Լոռիի, Արագածոտնի, Արարատի, Գեղարքունիքի, Արմաւիրի, Կոտայքի, Վայոց ձորի, Տաւուշի մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ: Փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուեցան նաեւ վարպետութեան դասեր` Սփիւռքէն ժամանած պարուսոյցներուն համար: