«Դուք Հազար Անտես Թելերով Կապուեցիք Հայրենիքին»

Յուլիս 29-ին Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի հինգերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն կը մասնակցէին Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:

Ողջունելով ծրագիրի մասնակիցները` աշխատակազմի ղեկավարը նշեց. «Սիրելի արիտունցիներ, մօտեցաւ այն պահը, որ դուք հրաժեշտ էք տալու «Արի տուն» ծրագրին եւ մեկնելու էք ձեր բնակութեան վայրեր, վստահ եմ, որ դուք Հայրենիքի մասին իմացաք աւելին, քան հնարաւոր է սովորել դասագրքերից: Անկասկած դուք աւելի սիրեցիք Հայաստան աշխարհը, եւ ձեր հոգում անթեղած սիրոյ այդ սերմերը կ’ընձիւղուեն ու տարիներ անց պտուղներ կը տան: Վստահ եմ, որ այստեղ դուք ձեռք բերեցիք նոր ընկերներ, նոր բարեկամներ, ձեր ներաշխարհը հարստացաւ նոր տպաւորութիւններով ու զգացողութիւններով, նոր գաղափարներով եւ դուք գիտակցեցիք, որ հայ էք, այս Երկրի տէրն ու պահապանը, նրա զարգացման երաշխաւորը, հին ու հարուստ մշակոյթի կրողը, դուք հազար անտես թելերով կապուեցիք Հայրենիքին, զգացիք նրա ձգողականութեան զօրութիւնը: Ուրեմն բարի ճանապարհ ձեզ եւ մօտ ապագայում բարի վերադարձ»:

«Արի տուն» ծրագիրի մասնակիցները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, որ  պատրաստած էին ճամբարային օրերուն ընթացքին:

Աւարտին հրաժեշտի խարոյկին շուրջ արիտունցիները պարեցին աւանդական Քոչարին:

Ծրագիրի 5-րդ փուլին կը մասնակցէին 132 մասնակից` աշխարհի 15 երկրէ` Ռուսաստանէն, ԱՄՆ-էն, Արժանթինէն, Հոլանտայէն, Ֆրանսայէն, Պուլկարիայէն, Սպանիայէն, Նորվեկիայէն, Լիբանանէն, Իրաքէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Ուքրանիայէն, Թուրքմէնստանէն եւ Վրաստանէն:

Scroll Up