Սփիւռքահայ Ուսուցիչները Ներկայացուցին Իրենց Զեկոյցները. «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/զեկույց.jpg)
Յուլիս 27-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներ, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցները ներկայացուցին իրենց զեկոյցները, որոնք նախապատրաստած էին այս ամսուան ընթացքին:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` մասնակիցներու զեկոյցները կ’ունկնդրէր յատուկ այդ նպատակով ձեւաւորուած յանձնաժողովը: Յանձնաժողովի անդամներն էին` ՀՀ սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան, «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծրագիրի համակարգող, պ.գ.թ. Մհեր Յովհաննիսեան եւ մ.գ.թ. Արմինէ Աշիկեան: Զեկոյցները լսելու եկած էր նաեւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժինի պետ Սիրվարդ Համբարեան:
Ուսուցիչներու զեկոյցներու թեմաները տարբեր էին` գրուած իրենց երկիրներու դպրոցներու օրինակով: Միաժամանակ կ’արծարծէին Սփիւռքի մէջ առկայ խնդիրները: Ելոյթներուն ընթացքին ուսուցիչները խօսեցան իրենց յուզող հարցերուն մասին, անդրադարձան գիրքերուն, հայապահպանման եւ լեզուի խնդիրներուն: Գեղեցիկ ելոյթներուն ընթացքին ուսուցիչները նաեւ ասմունքեցին` օրը վերածելով եզրափակիչ տօնի: Սրահին մէջ կը թեւածէր նաեւ յուզմունքը, որ մեծամասմաբ կապուած էր անոր հետ, որ դասընթացքը կը մօտենայ աւարտին, եւ ուսուցիչները շուտով պիտի հեռանան հայրենիքէն:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` յանձնաժողովի անդամները եւ հիւրերը մեծ բաւականութիւն ստացան եւ հեռացան վառ տպաւորութիւններով:
Զեկոյցները ներկայացնելէ յետոյ, ուսուցիչները յանձնեցին նաեւ իրենց դիմում-առաջարկները եւ շնորհակալագիրները:
«Արդէն մէկ ամիս է, որ կը գտնուիմ հայրենիքի մէջ` «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ծիրէն ներս: Այսօր սփիւռքահայ ուսուցիչներս ներկայացուցինք զեկոյցներ, որոնք իմ կարծիքովս` հրաշալի եւ բովանդակալից էին: Վերջին օրերը կ’անցնենք Երեւանի մէջ: Ճիշդ է, առաջին անգամ չէի այցելեր, սակայն շնորհիւ այս ծրագիրին` սկսայ Երեւանը եւ հայրենիքս ուելի լաւ ճանչնալ եւ նորովի սիրել: Ծանօթացանք հրաշալի մարդոց հետ, ձեռք բերինք ընկերներ: Դասընթացքը շատ բան տուաւ, որ կ’օգտագործենք մեր երկիրներուն մէջ: Կ’ուզեմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել ԵՊՀ դասխօսական անձնակազմին` մեզի հետ աշխատելու եւ նոր գիտելիքնելով զինելու համար»,-«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին իր տպաւորութիւններով կիսուեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակից, ռուսաստանաբնակ ուսուցչուհի Ասիա Մարդոյեան:
Լուսինէ Գրիգորեան
«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի կամաւոր, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ուսանող