Տեղի Ունեցաւ «Սփիւռք» Ամառնային Դպրոցի Փակման Արարողութիւնը

Յուլիս 29-ին ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի` «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» եւ «Հայոց լեզուի արագացուած ուսուցում» դասընթացներու փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի ողջոյնի խօսքը մասնակիցներուն փոխանցեց նախարարի տեղակալ Վահագն Մելիքեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ԵՊՀ ողջ դասախօսական կազմին` դասընթացները ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ բարձր մակարդակով կազմակերպելու համար: Մելիքեան մասնաւորապէս կարեւոր համարեց դպրոցի դերը համայնքներուն մէջ ազգային ինքնութեան պահպանման, երիտասարդներու շրջանին  հայոց լեզուի իմացութեան բարձրացման եւ հայկական մշակոյթի տարածման գործին մէջ: «Սփիւռք» ամառային դպրոցը նախարարութեան ամենասիրուած ծրագրերից է: Սիրելի՛ մասնակիցներ, վստահ եմ, որ Հայրենիքից հեռանում էք` կրկին վերադառնալու ակնկալիքով եւ գնում էք ձեր համայնքներում փոքրիկ Հայաստան կառուցելու», – նշեց Վ.Մելիքեան:

Այնուհետեւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի ղեկավար Մհեր Յովհաննիսեան: Ան ընդգծեց, որ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հետ ԵՊՀ համագործակցութիւնը արդիւնաւէտ է, դպրոցը տարիէ տարի կ’արձանագրէ նորանոր յաջողութիւններ:

ՀՀ սփիւռքի նախարարի տեղակալը եւ դպրոցի ղեկավարը հաւաստագիրներ յանձնեցին դպրոցի երկու դասընթացներու մասնակիցներուն:

«Սփիւռք» ամառնային դպրոցի մասնակիցները հանդէս եկան համերգային ծրագիրով, անոնք ասմունքեցին եւ ներկայացուցին ծրագիրին ընթացքին սորված շարք մը պարեր եւ երգեր: Ելոյթ ունեցան նաեւ ԵՊՀ մշակոյթի կեդրոնի սաները:

1 2 3 4 5 6ccb63e1-2587-4ca7-8585-610eb4a5481d

7

Scroll Up