Կեանքի Մը Պատմութիւն. Թորոս Թորանեան

Հալէպահայ գրող,  հրապարակախօս,  արձակագիր,  հասարակական գործիչ, 120 գիրքերու հեղինակ, բժիշկ  Թորոս Թորանեան, սուրիական պատերազմի պատճառով  հեռանալով իր ծննդավայրէն, հաստատուած է Հայրենիքի մէջ, կը շարունակէ նոյն եռանդով ու ջանասիրութեամբ, նուիրումով ստեղծագործել, մասնակիցը ըլլալ Հայաստանի մշակութային կեանքի անցուդարձերուն: Վերջերս Թորանեան ՀՀ  սփիւռքի նախարարութեան գրադարանը հարստացուց  իր նոր` 2016-ին լոյս ընծայուած գիրքերով:  Թորոս  Թորանեանի   «Ակնարկներ  դոկտ. փրոֆ. Սուրէն Դանիէլէանի  եւ «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի աշխատութիւններուն շուրջ»,  «Հարցազրոյցներ` Սուրիոյ մէջ  դուրսէն պարտադրուած պատերազմին հետեւանքով ՀՀ-ի կողմէ սիրով ընդունուած հայերու հետ», «Անահիտ  Թօփչեան. վիպագիր,  արձակագիր»  գիրքերը    քանի  մը ամիս է,  որ   մեր գրասեղաններուն են:

Մշակոյթի անխոնջ մշակին հետ ծաւալուած «Հայերն այսօր»-ի համար   պատրաստուող  մեր  զրոյցին ընթացքին վաստակաշատ մտաւորականը պատմեց իր այնչափ հետաքրքիր ու յուզիչ կեանքի պատմութիւնը, զրուցեցինք նաեւ անոր անցած ստեղծագործական հարուստ ու տպաւորիչ, բազմաբովանդակ  գործունէութեան մասին:

«Ծնած ու մեծցած եմ Հալէպի մէջ, արմատներս Կիլիկիայէն են: Հօրս չեմ յիշեր, որովհետեւ երկու տարեկան  եղած եմ,  երբ ան մահացած է: Մեծ մօրս ջարդի  ժամանակ վտարած են գիւղէն. մեր գիւղը Ներսէս Շնորհալիի գիւղէն` Հռոմկլային շատ մօտ  գտնուած է, Ճիպին  կոչուած է, որ թուրքերը անուանափոխած են` կոչելով Սայլակ քայա: Մայրս կը պատմէ, որ  երեխաներով  փողոց  դուրս կ’ելլէին, կը քալէին. ծնողները կը փնտրէին ու չէին գտներ իրենց երեխաները,  յետոյ կը գտնէին Հռոմկլայի մէջ:  Ջարդի ժամանակ մայրս 5-6 տարեկան  եղած է. մեծ մայրս, քեռիիս գրկած, քալելով հասած է մինչեւ Եգիպտոս, մինչեւ Սուէզի ջրանցք.  իսկ մօրս յանձնած է  քիւրտ ընտանիքի` ըսելով, որ ճանապարհին մեռնելու փոխարէն` աւելի լաւ է մնայ այդ ընտանիքին մօտ: Մեծ հայրս օսմանեան բանակի զինուոր  եղած է,  լքած է բանակը, փախած եւ գիւղ գացած: Ըսած են, որ աղջիկը կ’ապրի քիւրտ ընտանիքի հետ, գացած է, որ աղջկան յետ վերցնէ,  քիւրտ ընտանիքը դէմ չէ եղած. երեխային ըսած են, որ հայրը  եկած է,  արդէն քրտախօս դարձած երեխան ըսած է, որ աչքերը իր հօրը աչքերն են,  բայց մօրուքը  շփոթմունք յառաջացուցած է. կը համոզեն,  որ իր հայրն է: Մեծ հայրս, երեխան գրկած, դժուարութեամբ  հասած է  Հալէպ: Մինչ այդ զինադադար կնքուած է, 1918-ին թուրքերը պարտուած են, անգլիացիներն ու ֆրանսացիները ըսած են, որ հայերը կրնան վերադառնալ իրենց բնակավայրերը: Ժողովուրդին նաւով,  յետոյ` հանրակառքերով, կը հասցնեն  Հալէպ, եկեղեցւոյ մէջ կը հանդիպին իրար, եւ ընտանիքը կ’ամբողջանայ` մեծ հայրս, մեծ մայրս, քեռիս ու մայրս:  Կը վերադառնան գիւղ` Ճիպին, այդ  գիւղը ունէր իր եկեղեցին ու դպրոցը` Կիլիկեան  6-ամեայ վարժարանը. հայրս այդ վարժարանը յաճախած է: Յանկարծ կը սկսի Քեմալի շարժումը, եւ կը սկսի հայերու 2-դ տարագրութիւնը,  ու մենք կը հասնինք Հալէպ,  ուր ալ 1928 թուականի Փետրուար 29-ին կը ծնիմ ես.  4 տարին անգամ մը կը մեծնամ:  Վարպետ Մարտիրոս Սարեանն ալ նոյն օրը ծնած է: Մինչեւ 5 տարեկան դառնալս ես հայերէն չէի գիտեր, յետոյ սորվեցայ, յաճախեցի  Ազգային Պօղոս Կիւլպէնկեան վարժարան, որուն բարերարը իր մահացած երեխային` Պօղոսիկի  անունով կոչած էր դպրոցը. Լոնտոնի մէջ մեծ գործարաններու տէր էր,  իր կնոջ` Վերժինի  մահէն յետոյ ալ, անոր անունով` «Վերժին Կիւլպէնկեան մայրանոց»` ծննդատուն բացաւ, եւ այն  մեծահասակ տղաներուն համար, որոնք չէին կրնար դպրոց յաճախել, գործարան հիմնեց, ուր տղաները կրնային սղոցներով փայտ տաշել,  փայտ կտրել,  գոնէ  արհեստ մը սորվիլ: Ան Հալէպի մէջ հիմնեց նաեւ «Եփրատ» օրաթերթը, երկու տարի ինք եղաւ խմբագիրը, յետոյ ուրիշին յանձնեց: Այդ հրաշալի մարդը  հայ ազգի մեծ նուիրեալներէն էր: Այնպէս որ, Հալէպը մեզի համար  կարծես երկրորդ Հայաստան դարձաւ, ուր Էրկրէն բերած բոլոր սովորութիւնները պահպանուեցան. Հալէպը այսօր աւերակներու վերածած են:  Յետոյ երկու տարի  յաճախած եմ Հալէպի  ամերիկեան քոլեջը,  ուր տարուան վարձը չէի կրնար վճարել,  ուստի ատոր դիմաց կը մաքրէի  դասասենեակները: Այդտեղ աւարտեցի 8-ամեակը: Երկրորդական ուսումս շարունակած եմ Կիպրոսի Մելքոնեան վարժարանին մէջ: Յետագային, երբ արդէն ամուսնացած էի եւ երկու երեխայ ունէի, գացինք Պուլկարիա: Ես եւ կինս հետեւեցանք համալսարանական դասընթացներու. ես երրորդ շրջանի ուսանող էի, կինս` 2-րդ,  եկանք Հայաստան, մէկ տարի ուսումը շարունակեցինք Պետական համալսարանի բանասիրութեան բաժինին մէջ, երեխաներս յաճախեցին Եղ.Չարենցի անուան դպրոց,  այնուհետեւ կնոջս` Արմինէի հետ խորհրդակցեցանք եւ որոշեցինք ընտրել բժիշկի մասնագիտութիւն. ուսանեցինք, աւարտեցինք: Սկիզբը գացի Փարիզ, այնտեղ վանեցի  մօտիկ բարեկամ ունիմ, որ համալսարան աւարտելու առիթով որոշեց զիս նուէր մը ընել` Փարիզ-Վան ուղեւորութեան տոմս: Գացի Վան, գիրք գրեցի Վանի մասին, շատերը ինծի այդ գիրքով ճանչցան:  Կարպիսը ինծի տուն տուաւ, բժիշկի գիշերային աշխատանք գտաւ եւ ըսաւ, որ կրնամ Արմինէին հետ, ընտանիքով գալ: Սակայն Արմինէի հետ խորհրդակցեցանք եւ որոշեցինք,  որ  ծեր ծնողներ ունենալով`  աւելի ճիշդ կ’ըլլայ երթանք մեր ծննդավայրը: Գացինք  Դամասկոս, աշխատեցայ որպէս anesthesiologist, որովհետեւ այնտեղ այդ մասնագիտութեան կարիքը կար, եւ ինքս ալ իմ հերթին anesthesiologists պատրաստեցի, Արմինէն ալ կանանց բժիշկ աշխատեցաւ: Ապրեցանք մինչեւ սուրիական պատերազմը.  Արմինէիս հետ ապրեցայ 60 տարի. 60 տարի մենք երկուքով գիրք կարդացինք, զաւակներս նոյնպէս ընթերցասէր են:  Հիմա գերդաստանով այստեղ ենք` տղաս իր ընտանիքով  այստեղ է, երկու աղջիկ ունի, մեծը այս տարի 10-րդ դասարան փոխադրուեցաւ,  աղջիկս  մեզի հետ է, եղբայրս` իր ընտանիքով, այստեղ ծնած ծոռ ունիմ Արեգի անունով, որ արդէն 3 տարեկան է:  Մէկ ծոռ ալ` Նոյ անունով,  դուրսը  կ’ապրի, այստեղի քաղաքացիութիւն ունի: Մինչեւ Հայրենիքի մէջ  մշտական բնակութիւն հաստատելս` ես միշտ եկած եմ Հայաստան, մասնակցած Գրողներու միութեան համագումարներուն,  մշտապէս կապ ունեցած եմ հայ մեծանուն գրողներու հետ,  այցելած անոնց օճախները,  զրոյցներ իրականացուցած,  շրջած եմ աշխարհով մէկ,  դասախօսութիւններ կարդացած, ելոյթներ ունեցած. ես երկու անգամ գացած եմ Չինաստան, Հնդկաստան, երկու անգամ գացած եմ Աւստրալիա, Հարաւային Ամերիկա, Պրազիլ, տարբեր թեմաներով դասախօսութիւններ  կարդացած եմ: Իւրաքանչիւր այցիս 60 ելոյթ  ունեցած եմ:  Լոնտոնի մէջ  դասախօսած  եմ Պարոյր Սեւակի մասին` ցուցադրելով նաեւ լուսանկարները, Համօ  Սահեանի մասին  դասախօսած եմ….Ամբողջ գիշեր մը Սեւակի հետ զրուցած ու բանավիճած ենք, Համօ Սահեանի յարկին ներքոյ հետաքրքիր զրոյցներ  ունեցած ենք… Նուիրուեցայ գրական աշխարհին եւ մինչ օրս այդ աշխարհին մէջ եմ, կը գրեմ, կը տպագրեմ գիրքեր` տարբեր թեմաներով: Միայն այս տարի 8 գիրք  գրած եմ, որոնցմէ չեն տպագրուած երեքը. հովանաւոր կը  փնտրեմ:   Տարիքիս առումով  բան մը պատմեմ.  քանի մը օր առաջ գացած էի հանդիպման. (ես Երեւանի բժշկական համալսարանի շրջանաւարտներէն եմ, ընդհանուր բժշկութեան բաժինը  աւարտած եմ,  Հայաստանի գրողներու միութեան անդամ եմ դեռեւս 1968 թուականէն` ուսանողական տարիներէն) գացի  Բժշկականի նախկին տնօրէնին` ակադեմիկոս  Վիլէն Յակոբեանի մօտ, իմացաւ իմ կատարած հսկայական աշխատանքին մասին, զարմացաւ ու ըսաւ` պէտք է բժիշկներու խորհրդակցութեան հրաւիրենք, տեսնենք,  թէ 90-ի մօտ տարիքին  այսքան  գործ ինչպէ՞ս ըրած ես….Մեր գրողներէն Անդրանիկ Ծառուկեանը 30 տարի առաջ  հարցուց, թէ իմ այդչափ խանդավառութիւնը ե՞րբ պիտի վերջանայ,  ես պատասխանեցի` լեռներէն բխող աղբիւրին հարցուցէք, թէ  ինչու  գիշեր-ցերեկ անդադար կը բխի. Ծառուկեան ժպտեցաւ եւ ըսաւ, որ շատ լաւ պատկեր գծեցի ու առաջարկեց գրել այդ մասին…30 տարի անց գրեցի այդ մասին եւ տպագրեցի «Անդին» ամսագրին մէջ: Հիմա կ’ապրիմ Հայաստան, հայրենադարձ եմ, սփիւռքահայ, սակայն այս բոլորը մէկ անուն ունի`  հայ … Ես,  ըլլալով սփիւռքահայ, կ’ուզեմ,  որ հայաստանցին  ճիշդ պատկերացում կազմէ Սփիւռքի մասին:  Կը պատրաստուիմ գրել նաեւ իմ կեանքի վէպը. գիրքի ընդհանուր վերնագիրին անունն է` «Երկիր երթալն է  ճիշդ»,  ատիկա գիրքի  առաջին բաժինն է, երկրորդ բաժինը կը կոչուի «Իմ կեանքի վէպը». պետութեան կողմէ պէտք է տպագրուի, խոստացած են ներառել 2017 թուականի ծրագիրին մէջ: 300 անուն գիրք ունիմ հրատարակուած (խմբագրուած, որոշ մասի յառաջաբանի հեղինակն եմ),  որոնցմէ 120-ը իմ հեղինակածն են.  ընելիքներ շատ կան, պէտք է աշխատիմ:  Շատ մեծ գրադարան  ունեցած եմ, Հալէպի մէջ ալ գրադարան  ձգած եմ, սակայն  Հալէպէն յոյսս կորցսնցուցած եմ: Մէկ-երկու շաբաթէն լոյս կը տեսնէ 6-րդ գիրքս,  7-րդ գիրքս  գրած եմ Ռուբէն Սեւակի մասին:   ահա իմ կեանքի   մեծ պատմութիւնը,  որ հնարաւորինս համառօտակի ներկայացուցի Ձեր  ուշադրութեան»:

Յիրաւի,  գրականութեան  անխոնջ  մշակի մը  մեծ  կեանքի  մեծ  պատմութիւն է սա. պատմութիւն,  որ իր բազմաբովանդակ ու տարողունակ էջերով նաեւ հանրագիտարանային գիտելիքներու շտեմարան ու հարուստ ժառանգութիւն է սերունդներուն համար:

Կարինէ Աւագեան

IMG_4148 IMG_4149

Scroll Up