Հայեցի երգելու եւ ապրելու մանսուրեանական ոգին
Երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 75 ամեակին նիուիրուած համերգը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբեր 14- ին, Գաֆէսճեան արուեստի կեդրոնէն ներս, ուր ներկայ էին Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանն ու ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանը։
Արաքս Մանսուրեանի սաները՝ աւստրալացի Ռիանա Սաունդերս (սոպրանօ), չինացի Ջիանգ Հոնգշին (տենոր) եւ յոյն Ջեորջինա Կոկկորիս (կոլորատուր սոպրանօ), ներկայացուցին Կոմիտասի եւ Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնները, կատարեցին մանսուրեանական շունչով ու ոգիով՝ հայեցի, նուրբ, գնգուշ եւ միաժամանակ հզօր ձայներով:
Չինացի Ջիանգը “Ես սարէն կու գայի” երգը կատարեց իսկական սարեցի տղամարդու ապրումներով՝ կատարողի աչքերը միայն կը վկայէին անոր հայ չըլլալու մասին, Ջեորջիա Կոկկորիսի “Կռունկ”-ը տառապած հայուհիի ներաշխարհի արտայայտութիւնն էր, նոյնիսկ կատարողի արտաքինն էր հայու, Ռիան Սաունդերսի «Լորիկը» եւ ընդհանրապէս օտար եռեակի բոլոր կատարումները արդիւնք էին բծախնդիր եւ անխոնջ աշխատանք տարած Արաքս Մանսուրեանի վարպետութեան, որ սաներուն փոխանցած էր ոչ միայն ճիշտ երգեցողութեան արուեստ, այլեւ հայեցի երգելու եւ ապրելու ոգին։
Համերգի աւարտին Տիգրան Մանսուրեան շնորհակալութիւն յատնեց իր քրոջ Արաքս Մանսուրեանին եւ անոր սաներուն` նման սքանչելի համերգ ներկայացնելու համար, վկայեց, որ երգիչները Կոմիտասի եւ Մանսուրեանի գործերը ներկայացուցին շատ հայեցի, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ Առաջին տիկին Ռիթա Սարգսեանին եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարին՝ համերգին ներկայ գտնուելու համար, նոյն շնորհակալութեան միացաւ նաեւ Արաքս Մանսուրեան, որ համերգը համարեց իր երազանքի իրականացումը,- “այո՛, շատ բարդ էր օտարներուն սորվեցնել հայերէն հնչիւնները, յատկապէս Ը-ի հնչիւնը, բայց կարելի է ըսել երազանքս իրականացաւ, եւ ես կրցայ իմ շատ սիրելի եղբօրս ծննդեան 75 ամեակին իրականացնել այս համերգը”։
Արաքս Մանսուրեան եւ իր սաները Հոկտեմբեր 18-ին նոյն համերգը պիտի ներկայացնեն Արցախի մէջ։