Ստեփանակերտի Մէջ Կայացած Է Թեհրանի «Զարթօնք» Պարախումբի Համերգը. լուսանկարներ
ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական փառատօնի ծիրէն ներս այսօր` Յուլիս 25-ին, Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի ունեցած է Թեհրանի «Զարթօնք» պարախումբի համերգը:
Համերգին «Զարթօնք» պարախումբը ներկայացուցած է հայկական, իտալական, ռուսական, վրացական, աճարական ազգերու դասական պարեր:
«Արցախփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին «Զարթօնք» պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ պարուսոյց Լորեթա Աւետիսեան ըսած է, որ իրենց պարի խումբը հիմնուած է Թեհրանի մէջ 1989 թուականին:
«Պարախումբի 60 հայ մասնակիցներով առաջին անգամ Արցախ կու գանք: Արուեստը, հայկական մշակոյթը մեր մօտ մեծ արժէք ունին. ատոնք մենք ամէն կերպ կը պահենք, պահպանենք ու կը զարգացնենք: Ուրախալին այն է, որ ամէն տարի պարախումբին մէջ կը նկատուին երեխաներու մեծ հոսք եւ աշխուժութիւն»,-նշած է պարախումբի գեղարուեստական ղեկավարը:
«Պարախումբը հանդէս կու գայ ե՛ւ հայկական ե՛ւ տարբեր ազգերու դասական պարերով: Այժմ ունինք 4-30 տարեկան 147 հայ անդամ: Այն կ’օժանդակուի խումբի ղեկավարի եւ ծնողներէ կազմուած խորհուրդին կողմէ: Տարուան ընթացքին պարախումբը կը մասնակցի Թեհրանի մէջ կազմակերպուող ազգային եւ կրօնական հանդիսութիւններուն եւ ձեռնարկներուն:
Կազմակերպուած են ձեռնարկներ նուիրուած հայոց Մեծ եղեռնին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան, մշակոյթի օրուան, մայրերու տօնին, համահայկական եւ համադպրոցական խաղերուն,պարի միջազգային օրուան: Մասնակցած ենք Երեւանի մէջ իրականացուած «Փիւնիկ» փառատօնին, որպէս Իրանէն եկած առաջին խումբ:
Մեր մասնակցութիւնը բերած ենք Ռուսաստանի Նալչիկ եւ Վրաստանի Պաթումի քաղաքներու միջազգային փառատօններուն` Վրաստանի մէջ արժանանալով առաջին մրցանակի»,-տեղեկացուցած է Լ. Աւետիսեան եւ աւելցուցած, որ Ստեփանակերտ գալու առաջին օրը իրենք ծաղիկներ տեղադրած են Եղբայրական յուշահամալիրին մէջ: Ազգային տարազներով այցելած են «Մենք ենք մեր սարերը» յուշարձան, վաղն ալ կը պատրաստուին մեկնիլ Գանձասար եւ Շուշի:
Լ. Աւետիսեանի խօսքով` իրենք շատ տպաւորուած են Արցախով ու հպարտ` արցախցիներով: