«Իմ Հայաստան» Փառատօնի Մասնակից Պարախումբերը Հիւրընկալուեցան Արմաւիրի Մարզին մէջ. Օր Երրորդ
![](https://old.hayernaysor.am/wp-content/uploads/2016/07/pp3.jpg)
Յուլիս 24-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Իմ Հայաստան» համահայկական երրորդ փառատօնի մասնակից պարախումբերը մեկնեցան Արմաւիրի մարզ: Նախ անոնք այցելեցին Զուարթնոց պատմամշակութային արգելոց-թանգարան եւ ծանօթացան հայկական վաղմիջնադարեան ճարտարապետական յուշարձանի պատմութեան: Այնուհետեւ այցելեցին Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Հոգեւոր լիցքեր ստանալէ ետք խումբերը ուղեւորուեցան Արմաւիր քաղաք, ուր իր հիւրընկալ դռները բացած էր Մշակոյթի տունը: Հանդիսատեսը պարախումբերուն դիմաւորեց մեծ ոգեւորութեամբ եւ ջերմ ծափողջոյններով: Բեմահարթակէն հայ պարարուեստի ալիքը կը տարածուէր ամբողջ դահլիճով, եւ հանդիսատեսը իր տեղէն պարային շարժումներով կը միանար պարախումբերուն: Ելոյթներով հանդէս եկան Ս. Փեթերսպուրկի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ «Նայիրի» (գեղարուեստական ղեկավար` Զաւէն Վիրաբեան), Ռուսաստանի Ապշերոնսկ քաղաքի «Ուրարտու» (գեղարուեստական ղեկավար` Արմինէ Հայրապետեան), Ս. Փեթերսպուրկի «Նոյեան» (գեղարուեստական ղեկավար` Մանուկ Օհանեան), Իրանի Փերիոյ Կրթասիրաց Միութեան «Էրէբունի» (գեղարուեստական ղեկավար` Ալինա Գրիգորեան), Տոնի Ռոսթովի «Աստղիկներ» (գեղարուեստական ղեկավար` Սուսաննա Մելիքեան) պարախումբերը: Արմաւիրէն ելոյթ ունեցան Արման Առաքէլեան, Մանէ Բարեղամեան, Արման Յակոբեան, որոնք իրենց երգերով աւելի կ’ոգեւորէին Սփիւռքէն ժամանած մասնակիցներուն:
Համերգի վերջաւորութեան բեմահարթակ հրաւիրուեցան բոլոր մասնակիցները: Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ «Իմ Հայաստան» փառատօնի սփիւռքեան խումբերու պատասխանատու Լուսինէ Պետրոսեան եւ հաւաստագիրներ յանձնեց Արմաւիր քաղաքի մասնակիցներուն: Աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց Արմաւիրի մարզպետարանին եւ Մշակոյթի տան ղեկավարութեան` ջերմ ընդունելութեան համար:
Մարիաննա Անանեան
Աղբիւրը` «Հայերն այսօր»