Հպարտ Եմ, Որ Հայ Ծնած Եմ. «Արի Տուն»-2016 Ծրագիրի Մասնակից

15-ամեայ Արեգնազան Մինասեան կ’ապրի Պելճիգայի Անթուերպըն քաղաքին մէջ:

Գտնուելով օտարութեան մէջ` կարօտի զգացումներով կը համակուի դէպի Հայրենիք, դէպի երեւանեան զբօսանքներ: Արեգնազանը կարօտը մեղմելու համար ալ ամէն տարի ամառնային արձակուրդին Հայաստան կու գայ:

«Որոշեցի այս ամառ աւելի բովանդակալից եւ յիշարժան դարձնել: Տեղեկանալով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրին մասին` որոշեցի մասնակցելու առիթը չփախցնել, քանի որ ինծի համար Հայաստանը բացայայտելու, հայկական մշակոյթին ծանօթանալու խթան կը հանդիսանար»,- «Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ  Արեգնազան եւ աւելցուց, որ Հայաստանի մէջ  անցուցած օրերը իր յուշերուն մէջ յաւերժ պիտի մնան:

Արեգնազանի խորհուրդով` Պելճիգայէն  անոր հինգ ընկերները նոյնպէս եկած են մասնակցելու հայրենաճանաչութեան այս ծրագիրին եւ շատ ջերմ տպաւորութիւններ ստացած են թէ՛ շրջայցերէն, թէ՛ ճամբարային օրերէն:

Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարէն նոյնպէս հաճելի յիշողութիւններով  պարուրուած է: Կ’ըսէ, որ ճամբարային օրերուն ընթացին աւելի  մտերմացած է ծրագիրի մասնակիցներուն հետ, որոնցմէ չի պատկերացներ, թէ ինչպէս պիտի բաժնուի:

Աւելցնենք, որ Արեգնազանը Պելճիգայի «Նուարդ» մշակութային միութեան անդամներէն է, ուր ազգանպաստ տարբեր աշխատաքներ կը կատարէ: Միութեան մէջ տարբեր ուղղուածութեան ձեռնարկներ կը կազմակերպեն` պելճիգահայ երիտասարդներուն հնարաւորութիւն տալով առնչուելու հայկական մշակոյթին:

«Հայաստանը աշխարհի ամենալաւ պետութիւնն է, եւ ես հպարտ եմ, որ հայ  ծնած եմ: Ուր ալ գտնուիմ, պիտի չի մոռնամ իմ Հայրենիքս: Պիտի ձգտիմ ապագային լաւ մարդ դառնալ, որպէսզի օգտակար ըլլամ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին»,- սրտաբուխ խօսքով զրոյցը աւարտեց Արեգնազանը:

Գէորգ Չիչեան

Արեգնազան1

Scroll Up