Տեղի Ունեցաւ 2016թ.«Արի Տուն» Ծրագիրի Երկրորդ Փուլի Բացման Հանդիսաւոր Արարողութիւնը
Յունիս 20-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ 2016թ. «Արի տուն» ծրագիրի երկրորդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:
Ծրագիրի երկրորդ փուլին կը մասնակցին 95 պատանի ու աղջիկ` Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Թուրքիայէն, Հունգարիայէն, Մոլտովայէն, ԱՄՆ-էն:
Ողջունելով արիտունցիները` ՀՀ սփիւռքի նախարարը ըսաւ. «Բարով էք եկել ձեր Հայրենիք: Հայաստանը աշխարհի բոլոր հայերի Հայրենիքն է, եւ մեր նախարարութեան հիմնական խնդիրն է կանչել եւ Հայաստան բերել յատկապէս աշխարհասփիւռ երիտասարդներին: Մենք` հայերս, աշխարհի բոլոր ծայրերում պիտի օգնենք ու թիկունք կանգնենք մէկս միւսին: Միայն այդ դէպքում կը լինենք հզօր, եւ ոչ մի հակառակորդ չի կարողանայ յաղթել մեզ: Այս 14 օրերը հիանալի հնարաւորութիւն են ընձեռում իրար հետ ընկերանալու, մտերմանալու համար: Առանձնայատուկ շնորհակալութիւն եմ յայտնում ձեր ուսուցիչներին եւ ծնողներին, ովքեր արձագանքեցին մեր կանչին եւ մեզ վստահելով` ձեզ Հայրենիք ուղարկեցին: Խորին շնորհակալութիւն հիւրընկալ ընտանիքներին` իրենց տանիքի տակ ձեզ 10 օր հարազատ զաւակների նման պահելու պատրաստակամութեան համար: Համոզուած եմ, որ Հայաստանում գտնուած ողջ ժամանակահատուածում դուք պիտի խօսէք հայերէն` թէկուզ մի փոքր դժուարութեամբ: Ամէն առաւօտ Չարենցի անուան դպրոցում մեր կողմից կազմակերպուած հայրենագիտութեան դասընթացները պիտի գան լրացնելու այն բացը, որ դուք ունէք: Վստահ եմ, որ այս ծրագիրը նոր ուժով ձեզ պիտի կապի Հայաստանի հետ եւ վերադառնալով ձեր բնակութեան երկրներ` դուք պէտք է մտածէք Հայաստան վերադառնալու մասին»:
Այնուհետեւ արիտունցիները դիտեցին ծրագիրին մասին պատմող ֆիլմ, որմէ ետք նախարարը, աւանդոյթի համաձայն, ծրագիրի ամենակրտսեր մասնակիցին` 13-ամեայ Նարեկ Տետէյեանին (Հունգարիա) հագցուց «Արի տուն» տարբերանշանով շապիկը եւ գլխարկը:
Հունգարիայէն ժամանած Նարեկը յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց ծրագիրի կազմակերպիչներուն եւ ըսաւ. «Ես կը զգամ, որ Հայաստանը իմ տունս է»:
Ելոյթ ունեցաւ Հունգարիայէն ժամանած պատանիներու եւ աղջիկներու խումբի ղեկավար Սօսէ Սուսանեան: «Այնչափ զգացուած ենք այն ջերմ վերաբերմունքին համար, որմով պարուրած էք մեզ Հայրենիք մտած առաջին իսկ օրէն: Մենք նպատակ ունինք այցելելու եւ մեր յարգանքի տուրքը մատուցելու նաեւ Գուրգէն Մարգարեանի ծնորղներուն»,- նշեց ան:
Չարենցի «Ես իմ անուշ Հայաստանի» բանաստեղծութիւնը արտասանեց Ռուսաստանէն Արաքսիա Ասատրեան: Ասմունքի աւարտին ծրագիրի բոլոր մասնակիցները միացան Արաքսիային եւ միաձայն վանկարկեցին. «Ես իմ Մասիս սարն եմ սիրում»:
Վրաստանէն ժամանած Աիտա Պազոյեան երգեց «Երազ իմ երկիր, Հայրենիք»-ը, իսկ Թուրքիայէն Սեդա Սաֆարեան եւ Ջուլիա Բերգամալեան` «Մարտիկի երգը»:
Հայ զինուորին եւ Արցախի քառօրեայ պատերազմին նուիրուած իր բանաստեղծութեամբ հանդէս եկաւ Աւետիս Պետրոսեան Ախալցխայէն:
Արիտունցիներու ինքնաբուխ ելոյթները ընդունուեցան բարձր ծափողջոյններով, որմէ յետոյ աղօթքով եւ Սփիւռքէն ժամանած մեր պատանի հայրենակիցներուն ուղղուած սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Տէր Մեսրոպ քահանայ Մանասեան` Կոտայքի թեմէն:
ՀՀ սփիւռքի նախարարը ուրախութեամբ ընդգծեց, որ այս տարի մեր հոգեւոր դասը նոյնպէս ցանկութիւն յայտնած է հիւրընկալել արիտունցիներուն: «Համոզուած եմ, որ մեր պատանիները առանձնապէս շատ բան կը սորվին հոգեւոր հայրերէն», – նշեց ան:
Հանդիսաւոր բացումէն անմիջապէս յետոյ ծրագիրի մասնակիցները ուղեւորուեցան Հայաստանի պատմութեան թանգարան, որմէ յետոյ կ’այցելեն Օշական, ծաղիկներ կը տեղադրեն Մեսրոպ Մաշտոցի շիրիմին, կ’այցելեն Մուղնի: