Աւանդական Խարոյկով Ազդարարուեցաւ «Արի Տուն» Ծրագիրի Եօթերորդ Փուլի Աւարտը

Օգոստոս 19-ին, Ծաղկաձորի «Արի տուն» ճամբարին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրի եօթերորդ փուլի փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան  ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչներ Սիլվա Եուզպաշեանն ու Մուրատ Մալխասեանը, նախարարութեան աշխատակիցներ, հիւրեր:

 Ողջունելով արիտունցիները` Սփիւռքի նախարարը նշեց. «Սիրելի’ արիտունցիներ, կարծում եմ, որ այս 14 օրերը ձեզ համար դարձան ամենայիշարժանն ու անմոռանալին, դուք այցելեցիք Հայաստանի ամենագեղեցիկ պատմամշակութային վայրերը, ծանօթացաք հայ ժողովրդի հարուստ պատմութեանն ու մշակոյթին: Վստահ եմ նաեւ, որ շատ լաւ օրեր էք անցկացրել հիւրընկալ ընտանիքներում, ձեռք էք բերել նոր ընկերներ, բարեկամներ, որոնց հետ կապը, վստահ եմ, շարունակական է լինելու: Սիրելի’ երիտասարդներ, նոր ուսումնական տարուան հաշուած օրեր են մնացել, եւ ես յորդորում եմ, որ լաւ սովորէք, լինէք լաւագոյնը ձեր ընտրած մասնագիտութեան մէջ: Ցանկանում եմ, որ ոչ մի դէպքում չմոռանաք մեր ոսկեղենիկ մայրենին, հայերէն խօսէք, որովհետեւ հայերէնը մեր անհայրենիք հայերի Հայրենիքն է, եւ մենք պէտք է պահպանենք այն` յաջորդ սերունդներին փոխանցելու պայմանով: Սիրելի պատանիներ ու աղջիկներ ուր էլ, որ գնաք միշտ հպարտ եղէք, որ դուք հայ էք, հաւատարիմ եղէք ձեր արմատներին, պատմութեանն ու մշակոյթին: Բարով էք եկել Հայրենիք»:

 Արիտունցիներուն ողջունեց նաեւ ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր արուեստագիտուհի, ասմունքող Սիլվա Եուզպաշեան: Ան կարեւոր համարեց «Արի տուն» ծրագիրը` համարելով այն 25 ամեայ անկախ Հայաստանի ամենամեծ ձեռքբերումներէն, որ թոյլ կու տայ ծրագիրի մասնակիցներուն վերադառնալ արմտաներուն, ակունքներուն` տանելով իրենց հետ իրենց հոգիի Հայաստանը: Դիմելով երեխաներուն` ան համոզմունք յայտնեց. «Մի օր դուք վերադառնալու էք Հայրենիք եւ ի վերջոյ ձեր վերջին հանգրուանը լինելու է Հայաստանը»:

 Սիլվա Եուզպաշեան ներկաներուն ներկայացուց Ուիլեամ Սարոյեանի «Հայը եւ հայը» պատմուածքէն  հատուած մը: Ներկաներուն իր կատարումներով ողջունեց ՀՀ վաստակաւոր արուեստագէտ Մուրատ Մալխասեան:

 Այնուհետեւ արիտունցիները հանդէս եկան ազգային, հայրենասիրական երգերու եւ պարերու կատարումներով, ներկայացուցին փոքրիկ բեմականացում Հայկի ու Հայոց այբուբենի մասին: Աւանդական խարոյկին շուրջ երիտասարդներու հրաժեշտի պարով ազդարարուեցաւ ծրագիրի եօթերորդ փուլի աւարտը:

 Նշենք, որ ծրագիրի եօթերորդ փուլին կը մասնակցէր 63 պատանի ու աղջիկ  աշխարհի 12 երկրէ` Ռուսաստանէն, Վրաստանէն, Ղազախստանէն, Պելառուսէն, Ուքրանիայէն, Զուիցերիայէն, Չեխիայէն, Իսրայէլէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն, ԱՄՆ-էն եւ Սուրիայէն:

37485 6

Scroll Up