Ամերիկացի Ցեղասպանագէտը ԱՄՆ Նախագահի Թեկնածուներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Կոչ Կընէ

ԱՄՆ նախագահի թեկնածուները պէտք է արտայայտեն իրենց յստակ դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ:

Այս մասին յայտարարած է անկախ հետազօտող, Զօրեան հիմնարկի ցեղասպանութիւն եւ մարդու իրաւունքներու համալսարանական ծրագիրի անդամ եւ Ցեղասպանագիտութիւն միջազգային ամսագիրի նախկին խմբագիր Սամուէլ Թոթենը Զօրեան հիմնարկի պաշտօնական կայքին տուած հարցազրոյցին:

«ԱՄՆ-ն տասնամեակներ շարունակ խուսափած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ կը շարունակէ ատիկա ընել` ելլելով քաղաքական նպատակայարմարութենէն: ԱՄՆ-ի նման դիրքորոշումը ուղղիղ հակառակն է Գերմանիոյ օրինակին: Յունիս 2-ին Գերմանիոյ խորհրդարանը ոչ միայն ընդունեց իր իսկ ազգի ներգրաւուածութիւնը 1915 թուականի դէպքերուն, այլեւ  անուանեց մարդկութեան այս ողբերգութիւնը իր անունով` ցեղասպանութիւն: Պունտեսթակի քուէարկութիւնը պէտք է ծառայէ որպէս վառ օրինակ  միւս ազգերուն համար, որոնք դեռեւս նոյն դիրքորոշումը ունին, ինչ ԱՄՆ-ն»,-Արցախփրէսի փոխանցմամբ` ըսած է ան:

Ցեղասպանագէտին խօսքով` ԱՄՆ այժմեան կառավարութիւնը պէտք է օրինակ վերցնէ անցեալէն:

«Այն կարող է որդեգրել արժէքներ իր նախնիներէն, մասնաւորապէս, դեռեւս ցեղասպանութեան տարիներուն Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպան Հենրի Մորկենթաուէն, որ տեղեկացուցած էր այդ ժամանակ ԱՄՆ պետական քարտուղար Ռոպերթ Լանսինկին հայերու սպանդին մասին: Այդ ժամանակներէն ի վեր Մորկենթաուն եւ ԱՄՆ կառավարութիւնը սկսան աշխատանքներ տանիլ տարբեր ուղղութիւններով:  Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն յետոյ այդ մեծածաւալ ջանքերը ուղղուած էին  միլիոններու հասնող դրամահաւաքներու կազմակերպման եւ ատոնց տրամադրման կարիքաւորներուն: Այլ խօսքերով` ԱՄՆ կառավարութիւնը եւ ամերիկացիները կը հրաժարէին ըլլալ հայերու բնաջնջման կողմնակիցները: Անոնք կը հրաժարէին հերքել այդ պատմական իրողութիւնը»,-նշած է ան:

Սամուէլ Թոթենի կարծիքով`  ԱՄՆ այժմեան դիրքորոշման պատճառը թերեւս Թուրքիոյ ճնշումներուն տուրք տալն է:

«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը այժմ արդէն ԱՄՆ-ի համար պարզապէս բարոյական հարց չէ, այլ երկրի արժանահաւատութեան: Ինչպէս կրնայ ԱՄՆ-ն դատապարտել այլ երկիրներու մէջ իրականացուող մարդու իրաւունքներու խախտումները, կիրառել պատժամիջոցներ, երբ այն չի կրնար ազնուօրէն առերեսուել անվիճելի պատմական փաստին: Նախագահ Օպամայի համար ուշ չէ փրկել իր համբաւը եւ արժանահաւատութիւնը երկրին հանդէպ` միջազգայնօրէն ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այս է ճիշդ ժամանակը»,-ընդգծած է Սամուէլ Թոթեն:

Scroll Up