Երեխաներու «Ղօղանջ» Կեդրոնը Նոր Նորքի Մէջ
Հայաստանի տարածքին բարեսիրական շարք մը ծրագիրներ իրականացնող «Փարոս» հիմնարկը, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած իր «100ին համար 100» ծրագիրներու ծիրէն ներս, վերջերս Երեւանի Նոր Նորք շրջանին մէջ բացումը կատարած է երեխաներու «Ղօղանջ» կեդրոնին, որ արտադպրոցական ու դաստիարակչական շարք մը ծրագիրներ կ՛իրականացնէ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Ասպարէզը»:
Այս նախաձեռնութիւնը 2011էն ի վեր 74րդը հանդիսացած է 100 ծրագիրներու շարքին եւ իրականացուած է՝ շնորհիւ Նիւ Եորք հաստատուած «Տատուրեան» հիմնարկի նուիրատուութեան։
Նոր Նորք շրջանին մէջ բացուած երեխաներու «Ղօղանջ» կեդրոնի նախատիպարը 2004ին բացուած էր Երեւանի Կեդրոն շրջանին մէջ ու Տայանա Գրիգորեանի առաջնորդութեամբ՝ դաստիարակչական ու խորհրդատուական սպասարկութիւններ մատուցած կարիքաւոր ընտանիքներէ եկող հարիւրաւոր երեխաներու։
Նոր Նորքի «Ղօղանջ» կեդրոնը կարելիութիւն պիտի ունենայ միաժամանակ 100 երեխաներու սպասարկութիւններ մատուցելու, ներառեալ՝ անգլերէնի, ռուսերէնի, համակարգիչի, ձեւաւորման, նկարչութեան, թատրոնի եւ պարի դասընթացքներ։
«Փարոս» հիմնարկի հիմնադիր եւ ատենապետ Ռաճըր Սթրաուչ կը յայտնէ, թէ կեդրոնի վայրը որոշելու ընթացքին նկատի առնուած է նաեւ այն իրողութիւնը, որ շրջանին մէջ կան մեծ թիւով ընտանիքներ, որոնք նման սպասարկութեանց կարիքը ունին։
«Փարոս» հիմնարկին եւ անոր նախաձեռնութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.parosfoundation.org կայքը, ուր տեղադրուած է նաեւ Նոր Նորքի «Ղօղանջ» կեդրոնի բացման արարողութեան մասին պատրաստուած տեսանիւթ մը: