«Հայաստանը Իմ Սրտիս Ու Մտքիս ՄԷջ Է».«Արի Տուն»-2016 Ծրագիրի Մասնակից

«Ես կ’ապրիմ  ընտանիքի մը մէջ, ուր ամէն օր հայրենասիրութեան, ազգապահպանութեան եւ հայկական մշակոյթի մասին կը խօսուի: Ծնողներս ամէն ջանք կը գործադրեն, որ ես ու եղբայրս, օտար միջավայրի մէջ ապրելով, արժանապատիւ հայ մեծնանք»,-«Հայերն այսօր»-ի թղթակիցին հետ զրոյցին ըսաւ  «Արի տուն» ծրագիրի 4-րդ փուլի մասնակից,  Պուլկարիոյ Փլովտիւ քաղաքէն Հայաստան ժամանած Միքայէլ Գէորգեանը:

Միքայէլը Պուլկարիոյ մէջ երեք տարի հայկական դպրոց  յաճախած է, որմէ ետք ուսումը պուլկարական դպրոցի մէջ  շարունակած: Պուլկարահայ պատանին կիրակի օրերուն` Պատարագի ժամանակ, Պուլկարիոյ Հայ առաքելական Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ երգչախումբին մէջ կ’երգէ:

Ճիշդ է` հեռու կ’ապրի, սակայն Հայաստանը միշտ Միքայէլի սրտին եւ մտքին մէջ է: Կը ցաւի, երբ Հայաստանէն եւ Արցախէն վատ, տագնապալի լուրեր կը լսէ: Անոր երազանքն է, որ հայ ժողովուրդը անամպ երկնքի տակ ապրի, իսկ աշխարհասփիւռ հայորդիները Հայաստանի շուրջ մէկտեղուին:

15-ամեայ Միքայէլը իր հայրենասէր ըլլալը  հետեւեալ կերպ կը բացատրէ. «Մայրս` Աղաւնի Գէորգեանը, Պլովտիւի  ՀՀ հիւպատոսութեան մէջ կ’աշխատի, ուր ՀՀ պատուաւոր հիւպատոս Եղիազար Ուզունեանի գործուն մասնակցութեամբ` հայապահպան տարբեր ծրագիրներ կ’իրականացնէ, հայկական մշակոյթի փառատօններ կը կազմակերպէ` պուլկարահայերուն օգնելով պահպանել ազգային ինքնութիւնը: Մայրիկիս ազգային շունչն ու ոգին, բնականաբար, փոխանցուած է  ինծի :

«Արի տուն» ծրագիրին Միքայէլը հաճելի ժամանակ կ’ունենայ, այցելած վայրերէն մեծ տպաւորութիւն  ստացած է, որոնցմէ կ’առանձնացնէ Նորավանք վանական համալիրը, ինչպէս նաեւ` զօրամաս կատարած շրջայցը, ուր ծանօթացած է զինուորներու առօրեային եւ սնուած անոնց ճաշացանկէն:

«Արի տուն»-ը  ընկերական լայն շրջապատ տուաւ զիս, նաեւ` հայերէնի, հայոց պատմութեան մասին գիտելիքներուս պաշարը հարստացուցի: Ծրագիրի ծիրէն ներս ապրելով Արմէնի եւ Ելենայի հիւրընկալ ընտանիքին մէջ` վայելեցի անոնց սէրն ու ջերմութիւնը: Չնայած տանտիկինը ազգութեամբ ռուս է, բայց հրաշալի հայերէն  կը խօսի եւ իր երեխաներուն հայեցի դաստիարակութիւն կու տայ: Մեզի համար նաեւ համեղ ուտեստներ կը պատրաստէ, որոնցմէ խինկալին շատ սիրեցի»,-եզրափակեց  իր խօսքը Միքայէլը:

Գէորգ Չիչեան

միքայել1

Scroll Up