Հալէպի Մէջ Հանդիսաւոր Արարողութեամբ Բացումը Կատարուեցաւ Սուրիոյ Առաջին Հայկական Ռատիոյին` Ռատիօ Երազի Կեդրոնին

Կիրակի 17 Յունիս 2016-ին հալէպահայութիւնը մեծ ցնծութիւն մը ապրեցաւ` ներկայ գտնուելով Սուրիոյ առաջին ռատիոկայանի, 2011 թուականէն ի վեր գործող եւ իր ձայնը համայն աշխարհին հասցնող, ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶի կեդրոնի բացման հանդիսաւոր արարողութեան:
Երկար տարիներու երազը իրականութիւն դարձաւ, հակառակ պատերազմական ծանր պայմաններուն, խումբ մը երիտասարդներու տքնաջան ու նուիրեալ աշխատանքով սուրիահայութիւնը ունեցաւ իր ձայնասփիւռը` ողջ աշխարհին հասցնելու իր ձայնը:

ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶի կեդրոնին բացման հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր Հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Բալայեան, Պատկան Մարմնի, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, Ազգ. Իշխանութեան, միութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի Կ.Վարչութեան անդամ Աննա ՏէրՅակոբեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի ներկայացուցիչ Տէր Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան, հոգեւոր հայրեր, կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հրաւիրեալներ:

Կեդրոնի պաշտօնական բացումը կատարեցին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեանն ու Պատկամ մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեանը: Ապա Սրբազան Հայրը կատարեց ջրօրհնէքի եւ կեդրոնի օրհնութեան աղօթք ու այս առիթով ողջունեց մեր ժողովուրդի զաւակները աշխարհով մէկ, նշելով, որ այս ճամբով համայն աշխարհին պիտի սփռենք մեր ապրումները, մեր յոյսը, մեր նուաճումներն ու դժուարութիւնները: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶԻ կեդրոնին բացումն ու յաջողութիւն մաղթեց այս աշխատանքը իրականացնող բոլոր նուիրեալներուն:

Ապա խօսք առաւ Պատկան Մարմնի ներկայացուցիչ Կարօ Իւզպաշեան: Ան ըսաւ. «Եթէ ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶը անցեալին երազ էր, ապա այսօր իրականութիւն է: Ճիշդ է, որ հինգ տարիէ ի վեր կը գործէ, սակայն այսօր ունենալով իր կեդրոնը աւելի կազմակերպուած պիտի աշխատի` հալէպահայութեան ձայնը, յուզումները փոխանցելով համայն հայութեան: Եթէ ռատիօն այսօր պատերազմի բերումով մեր դժուարութիւններն ու տագնապները պիտի փոխանցէ, ապա ապագային ան պիտի փոխանցէ սուրիահայութեան նոր ծրագիրներն ու վերակառուցման աշխատանքները»: Իր խօսքի աւարտին Իւզպաշեան մաղթեց, որ ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶին ձայնը անխափան մնայ:

Բացման հանդիսաւոր արարողութենէն ետք, ներկաները ուղղուեցան «Լ.Շանթ» սրահ, ուր ներկայացուեցաւ յատուկ յայտագիր:

Օրուան հանդիսավար Յուշիկ Ղազարեան ըսաւ թէ.«5 տարիներ առաջ երբ հիմը կը դրուէր ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶին ոչ մէկը կրնար պատկերացնէր, թէ մեր կեանքը ինչպիսի՛ հոլովոյթ պիտի ունենայ Հալէպի մէջ: Ճաբոնական հին անէծք մը կ՛ըսէ. «Հետաքրքրական օրեր ապրիս»: Այսպիսի հետաքրքրական ու պատերազմական ծանր օրեր ապրեցանք անցնող հինգ տարիներուն, բայց որովհետեւ ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶը կը գտնուի Հալէպի մէջ, քաղաք մը, որ անէծքը շնորհքի վերածելու կարողութիւն ունի, որովհետեւ մենք ունինք ձեզի պէս աջակցողներ եւ քաջալերողներ, այդ հետաքրքրական տարիները վերածուեցան դրական գործօնի` նորանոր հորիզոններ նուաճելու: Այդ հորիզոններուն վրայ էր այս կեդրոնի բացման ծրագիրը, որ միասնաբար վայելեցինք»: Ապա հրաւիրեց ներկաները, յայտագրի աւարտէն ետք այցելելու կեդրոն եւ ծանօթանալու անոր բաժիններուն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶի պատասխանատու տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան, որ ըսաւ «Ռատիոյի գաղափարը Հալէպի համար նորութիւն չէր, մենք ճիշդ է որ չունէինք մեր սեփական ռատիօն, բայց 80-ականներուն մեծ հաճոյքով կ՛ունկնդրէինք Երեւանի Ձայնը, ապա նաեւ Կիպրոսի հայկական թողարկումը, ինչպէս նաեւ ծովեզերեան շրջաններու մէջ դիւրաւ ունկնդրելի լիբանանեան հայկական ռատիոներու հաղորդումները: Այնուամենայնիւ զանազան առիթներով մենք աշխատանք տարած ենք ունենալու ռատիօ, սակայն դժուարութիւններ յառաջացած են եւ չենք յաջողած, վերջերս համացանցի ընձեռած առիթներէն օգտուելով 2011-ին սկսանք ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶի սփռումը, որուն աշխատանքները հետզհետէ կազմակերպուեցան եւ մենք ունեցանք նաեւ յատուկ ռատիոկայան-կեդրոն մը: Ապա նշեց, թէ ձայնասփիւռ ունենալը ինքնանպատակ չէ:Մեր նպատակն է ժողովուրդի զաւակներուն հասանելի դարձնել հայկական ձայնը, խօսքը, միտքը, երգը, արուեստը եւ կը կարծենք, որ ձայնասփիւռը իր տեսակին մէջ այս իմաստով լուրջ միջոց մըն է: ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶը իր կարգախօսը դարձուց «Երազ իմ երկիր հայրենի»ն եւ մենք որոշեցինք սուրիահայութեան ձայնը լսելի դարձնել հայկական աշխարհին, հաւասար մօտիկութիւն ցուցաբերելով բոլոր կողմերուն հետ, փոխարէնը դրական համագործակցութիւն տեսանք, ինչ որ շքանշանի համազօր պարգեւ է մեզ համար: Աշխատակազմը կամաւոր աշխատանքով սկսաւ ու ծրագրուած ձեւով, համերաշխութեամբ շարունակեց իր ծրագիրը` միշտ ձգտելով իր առաւելագոյնը ի գործ գնել: Ներկայիս աշխատակազմը ունի 20 նոր ծրագիրներ: Հետեւեցէք ռատոյին եւ պիտի ըմբոշխնէք մեր նորութիւնները»: Տոքթ. Գէորգեան հաստատեց որ. «Թէեւ ռատիօն այժմ համացանցի հնարաւորութիւններով կը գործէ, սակայն մենք պետական համապատասխան կողմերուն դիմում ներկայացուցած ենք, որ ռատիօն սփռուի նաեւ FM ալիքով ողջ Սուրիոյ տարածքին. աշխատանքը ընթացքի մէջ է»:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր կը ներկայացուէր ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶի հիմնադրութեան տարիները, իրականցուող աշխատանքները, անձնակազմը, ծրագիրներն ու կեդրոնի կառուցման հանգրուանները:
Հուսկ տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատումը:
Շնորհաւորանքներու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ ներկաները շրջեցան նոր կեդրոնէն ներս եւ ծանօթացան ՌԱՏԻՕ ԵՐԱԶի նորակառոյց կեդրոնին:

Այս մասին կը յայտնէ Գանձասար:

ՌադիոՌադիո5 Ռադիո3Ռադիո2 Ռադիո1

Scroll Up