Աշխատած Ենք Տարբեր Երկիրներու Հետ, Բայց Նման Բարձր Գնահատանքի Արժանացած Ենք Միայն Հայաստանի ՄԷջ. Մարիամ Զաքի
Յուլիս 18-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան աշխատակիցները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ «Ով սպաննեց հայերը» արաբերէն առաջին փաստավաւերագրական ֆիլմը, որուն հեղինակները եգիպտացի հեռուստալրագրողներ Մուհամետ Հանաֆին եւ Մարիամ Զաքին են:
Ֆիլմին մէջ ներկայացուած են 20-րդ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ լուսանկարներ եւ արխիւային նիւթեր, ցեղասպանագէտներու, պետական եւ հոգեւոր գործիչներու տեսակէտներ: Նկարահանումները իրականացուած են Հայաստանի, Եգիպտոսի եւ Լիբանանի մէջ:
Ողջունելով ֆիլմի հեղինակները` նախարարը նշեց, որ «Ով սպաննեց հայերը» փաստավաւերագրական ֆիլմը կը ցուցադրուի Ոսկէ ծիրան փառատօնի ծիրէն ներս, եւ յատկանշական է այն, որ Հայոց ցեղասպանութեան թեման հետաքրքրած է եգիպտացի հեռուստալրագրողներուն: Նախարարը նաեւ արժեւորեց վերջիններուս կատարած հսկայածաւալ աշխատանքը, հարցի խորը եւ բազմակողմանի ուսումնասիրութիւնը եւ բարձր գնահատեց ֆիլմը, որմով արաբական աշխարհին կը ներկայացնեն պատմական ճշմարտութիւնը:
«Կարծում եմ` ձեր ֆիլմի հայաստանեան ամենամեծ գնահատականը Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործում ներդրած նշանակալի աւանդի համար ՀՀ նախագահի կողմից պարգեւատրուելն էր, եւ դուք` իբրեւ հայ ժողովրդի լաւագոյն բարեկամներ, արժանի էք այդ գնահատանքին»,- աւելցուց նախարարը:
Նախարարը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Արմէն Մազլումեանին եւ հայ համայնքին, որ կազմակերպած են լրագրողներու այցերը Հայաստան: Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր համարեց այս նախաձեռնութիւնը, որ առաւել կը խորացնէ կապը Եգիպտոսի եւ Հայաստանի միջեւ, կը նպաստէ հայ եգիպտական յարաբերութիւններու զարգացման:
Կարեւոր համարելով լրագրողներու աւանդը Հայոց ցեղասպնութեան մասին արաբական աշխարհին իրազեկելու գործին մէջ` Սփիւռքի նախարարը անոնց պարգեւատրեց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան բարձրագոյն պարգեւով` ՙՈսկէ մետալով՚:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան եւ նման բարձր պարգեւին արժանացնելու համար` Մուհամետ Հանաֆին նշեց, որ իրենց համար հոգեհարազատ դարձած է Հայաստանը, եւ իւրաքանչիւր այցելութիւն կը նպաստէ, որ խորութեամբ ճանչնան հայ ժողովուրդը եւ ընկալեն հայ մշակոյթը: Ֆիլմի ստեղծման համար ազդակ հանդիսացած են եգիպտահայերը եւ աւելցուց, որ հայերը Եգիպտոսի մէջ ձգողական մեծ ուժ եւ ազդեցութիւն ունին, մեծ է անոնց ներդրումը Եգիպտոսի կեանքի տարբեր ոլորտներուն մէջ: Ան նշեց, որ ֆիլմը ցուցադրուած է Եգիպտոսի մէջ եւ մեծ ընդունելութեան արժանացած, վստահութիւն յայտնեց, որ այն հասանելի պիտի ըլլայ ողջ արաբական աշխարհին եւ բուն հասցէատիրոջը:
Մարիամ Զաքին եւս շնորհակալութիւն յայտնեց բարձր պարգեւի համար եւ ըսաւ, որ այն միաժամանակ հաճելի է եւ պարտաւորեցնող: Ան նշեց, որ առաջին անգամ է նման ձեւաչափով կը ներկայացուի արաբ հանդիսատեսին ցեղասպանութեան ամբողջական պատմութիւնը: «Պատմութիւնը պէտք է բացայայտուի, պէտք է խօսուի այդ մասին համապարփակ, ոչ թէ առանձին դէպքեր, իրադարձութիւներ ներկայացնելով: Մենք աշխատած ենք տարբեր երկիրներու, կառոյցներու հետ, բայց նման բարձր գնահատանքի արժանացած ենք միայն Հայաստանի մէջ: Շատ ուրախ եմ, եւ հպարտ»,- աւելցուց ֆիլմի համահեղինակը:
Այնուհետեւ ֆիլմի հեղինակները պատասխանեցին նախարարութեան աշխատակիցներու հարցերուն: