«Սփիւռք» Ամառնային Դպրոց-2016. Սփիւռքահայ Ուսուցիչները Հանդիպեցան Նազիկ Յարութիւնեանին
Յուլիս 15-ին ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի «Հայոց լեզուի եւ պատմութեան ուսուցիչներու, կրթական գործի կազմակերպիչներու վերապատրաստում» դասընթացքի մասնակիցները Երեւանի պետական համալսարանին մէջ հանդիպեցան ԵՊՀ մանկավարժութեան ամպիոնի վարիչ, մ.գ.դ Նազիկ Յարութիւնեանի հետ, որ կը հանդիսանայ նաեւ կրթական գործ դասընթացքի պատասխանատուն:
«Հայերն այսօր»-ի փոխանցմամբ` Նազիկ Յարութիւնեան հանդիպման սկիզբը հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց սփիւռքահայ ուսուցիչներուն ազգանուէր եւ ազգապահպան գործունէութիւն ծաւալելու եւ օտար հողի վրայ հայուն հայ պահելու համար: Քանի որ եթէ հայրենիքի մէջ դժուար է կրթական գործընթացք ծաւալելը, ապա այն կրկնակի բարդ է դուրսը:
Իր խօսքին մէջ Նազիկ Յարութիւնեան աւելցուց նաեւ, որ բաւականաչափ զբաղուած է Սփիւռքի կրթական խնդիրներով, ծանօթ է մէկօրեայ եւ ամէնօրեայ դպրոցներու խնդիրներուն` նշելով, որ մէկօրեայ դպրոցներու խնդիրը առաւել դժուար է` ժամաքանակի սղութեան պատճառով:
Ելոյթի ընթացքին Ն. Յարութիւնեան անդրադարձաւ նաեւ մէկ միասնական դասագիրք ստեղծելու խնդիրին` ըսելով, որ ատիկա գործնականին մէջ անհնար է, քանի որ տարբեր են համայնքներն ու ատոնց պահանջները:
Նազիկ Յարութիւնեան, կարեւոր համարելով կրթութեան դերը, ուսուցիչներուն խոստացաւ օգնել կազմակերպչական, կառավարման եւ խորհրդատուական հարցերուն մէջ:
Եղաւ նաեւ հարց ու պատասխան, եւ ուսուցիչներուն հնարաւորութիւն տրուեցաւ յղելու իրենց հետաքրքրող հարցերը:
Հանդիպման աւարտին Նազիկ Յարութիւնեան ուսուցիչներուն մաղթեց դառնալ ամրակուռ կամուրջ, որ հարիւրաւոր թելերով Սփիւռքը կը կապէ Հայաստանի հետ:
Լուսինէ Գրիգորեան
«Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրի կամաւոր, ԵՊՀ պատմութեան բաժանմունքի սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ուսանող